Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որմէ ստացաւ Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէր մը, որ յղուած էր Սէուտական Արաբիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Ապտալլա պըն Մոհամետ պըն Իպրահիմ Ալ Շէյխի կողմէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ ուժանիւթի խորհրդարանական յանձնախումբի անդամները` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ քարիւղի թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Ա. Նազարեան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է քարիւղի մարզին վերաբերող երկու որոշումները, որոնք կը գտնուին նախարարաց խորհուրդին մօտ եւ կը սպասեն անոր համաձայնութեան:
Ա. Նազարեան շեշտեց, որ լիբանանեան հանրային կարծիքին կողմէ ուղղուած մնայուն հարցումը այն է, թէ ե՞րբ պիտի սկսի քարիւղի հանքերու պեղման եւ արտահանման աշխատանքը, յատկապէս երբ մեզի դրացի պետութիւններ արդէն իսկ սկսած են այդ աշխատանքներուն:
Նախարար Նազարեան ընդգծեց, որ այս իմաստով իրենք վաղը հանդիպում մը պիտի ունենան նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ եւ անկէ պիտի պահանջեն վաւերացնել վերոնշեալ զոյգ որոշումները, որպէսզի կարելի ըլլայ սկսիլ աշխատանքի:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթ, որ շեշտեց, թէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրող նախագահական նախաձեռնութիւնը տակաւին նոյն լրջութեան վրայ է: