Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի զինուորական դատախազ, Հայաստանի ընդհանուր դատախազի տեղակալ Գէորգ Կոստանեանը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան պետ Արմէն Յարութիւնեանը:
Հանդիպումին, որուն ներկայ էր Արցախի ընդհանուր դատախազ Արշաւիր Ղարամեան, քննարկուեցան զինուորական դատախազութեան եւ քննչական ծառայութեան մարզերուն առնչուող հարցեր:


