
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պէյթէտտինի նախագահական հովոցին մէջ ընդունեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանի նախագահ Քամալ Քարաքուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Քարաքուլի նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մեսուտ Պարազանիի ողջոյնները եւ նշեց, որ շրջանին մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը ողջունելի է ու գնահատելի:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման դրուատեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին ու Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ քիւրտ ժողովուրդին բարգաւաճում մաղթեց:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Հարաւային Քորէայի նախագահական պատուիրակ Քիմ Եանկ Սուն, որուն հետ քննարկեց 30-ամեայ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու դիւանագիտական գործակցութեան հեռանկարները:
Պէյթէտտինի պալատ այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին, որուն հետ հանրապետութեան նախագահը քննարկեց երկկողմանի յարբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման Մայրիներու սպայի շքանշանի աստիճանով պարգեւատրեց դեսպան Պըտիաուին` անոր մաղթելով յաջողութիւն:
Պէյթէտտինի պալատին այցելուներէն եղան նաեւ Քեսրուանի բարգաւաճման խորհուրդի եւ զբօսաշրջութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան պատուիրակութեան անդամները` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի:


