Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 30, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՒՄԲ մը լիբանանցի երիտասարդներ «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ տեղադրեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեցին լիբանանեան բանակին զօրակցութեան ազգային արշաւի մը: Նոյն յայտարարութիւնը շեշտեց, որ առ ի զօրակցութիւն բանակին, յառաջիկայ 3 սեպտեմբերին Մաթհաֆի մէջ Անծանօթ զինուորի յուշարձանին մօտ պիտի կազմակերպուի հաւաք մը, որ պիտի տեւէ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 3:00:

ԱՒՍՏՐԻԱ 160  զինուոր պիտի գործուղէ Լիբանան, որպէսզի անոնք ծառայեն հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան մէջ: Կը նախատեսուի, որ այդ ուժերը յառաջիկայ նոյեմբերին ժամանեն Լիբանան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ 2012-ի պետական պիւտճէն պիտի պատրաստուի սեպտեմբերի ընթացքին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ հաստատեց, որ ինք եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երբեք պիտի չընդունին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ծրագիրը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործեց` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յառաջիկայ 2 սեպտեմբերին պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք այս հանգրուանին կը կարօտնան անհետացած իմամ Մուսա Սատըրը, որ Դիմադրութեան մշակոյթի հիմնադիրն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա նշեց, որ նախարար Պասիլի մշակած ծրագիրին ձախողութիւնը խորհրդարանական մեծամասնութեան ձախողութիւնը կը նշանակէ:  Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը երկրին վահանն է` անոր դիմագրաւելիք որեւէ տագնապի  դիմաց:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր կոչ ուղղեց Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն վերջ տալու սուտասանութեան եւ ապօրինութեան:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Պաապտա` հանդիպում մը ունենալու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկած է յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին որդեգրուելիք ընտրական օրէնքը եւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուելու անոր կարելիութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆայսալ Տաւուտ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հեռու պէտք է պահել քաղաքական տարակարծութիւններէն ու բանավէճերէն, ինչպէս նաեւ ներքին բախումներէ:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնել կը նշանակէ երկրին բոլոր արժանիքները թիրախ դարձնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ պէտք է զգուշանալ Միջազգային դատական ատեանէ մը, որ քաղաքականացած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարին սպառնալ կը նշանակէ տկարացնել բանակին կառոյցը:

 

Նախորդը

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀՕՄ-Ը ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ՏՈՐՔԸՍ ԷՅՏ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՍՈՎԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՎԱՐՈՐԴՆԵՐՈՒ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ` 8 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.