Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի ֆութպոլիստ Արտակ Ալեքսանեան, որ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ ռուսական Խիմքիի հետ, Սթոլիցայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Ալեքսանեան, որ վերջերս իր ակումբը` Փիւնիկը լքելով փոխանցուեցաւ Խիմքիի, շատ հաւանաբար մօտերս պայմանագրութիւն մը ստորագրէ Խիմքիի հետ:
Անոր կազմը մրցումը աւարտեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակով մը:
Նշենք, որ Խիմքիի մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի:


