Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան 25-Ամեակ. Հրանդ Մարգարեան. «Կարեւոր Կը Նկատենք Մեր Ուսանողութեան Դերը Մեր Ժողովուրդի, Մասնաւորապէս Դաշնակցութեան Պատմութեան Մէջ»

Նոյեմբեր 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hrant_112615

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնը 25 տարեկան է: 1990-ականներու դժուար տարիներուն ստեղծուած, այդ դժուարութիւններուն մէջէն անցած եւ զանոնք պատուով յաղթահարած միութիւնը կը շարունակէ ուսանողներու նորանոր սերունդներ ընդունիլ իր շարքերուն մէջ, համախմբել ու դաստիարակել զանոնք:

Այս տարուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով նշուեցաւ միութեան 25-ամեակը, իսկ 25 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ձեռնարկը:

Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Եուրի Նաւոյեան 25 տարուան անցեալ ունեցող ուսանողական միութեան տարիները մեծ հաճոյքով ու պատասխանատուութեամբ կը յիշէ: 1990 թուականին ապրող երիտասարդութիւնը հասակ նետեց պատերազմի եւ ազգային զարթօնքի պայմաններուն մէջ: Ան կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս խումբ մը դաշնակցական երիտասարդներով դասերէն ետք կը համախմբուէին համալսարանի դասարաններէն մէկուն մէջ եւ կը փորձէին գտնել այդ ժամանակաշրջանի ամէնէն հրատապ հարցերուն պատասխանները: Անոնք լաւապէս կը գիտակցէին, որ կայ ուսանողութիւնը համախմբելու անհրաժեշտութիւն, եւ ճիշդ այդ նպատակով ալ որոշեցին հիմնել այդ տարիներու առաջին ուսանողական կառոյցը` Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը:

Այդ տարիներէն սկսեալ կառոյցին անդամակցող ուսանողները դարձան իրենց իրաւունքներուն կառչած, պահանջատէր, ազգային արժէքներով ապրող երիտասարդութեան մարմնաւորումը: Միութեան անդամ բազմաթիւ ուսանողներ գրիչը փոխարինեցին զէնքով եւ մեկնեցան ճակատ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան այս առիթով ըսաւ, որ ուսանողութիւնը յատուկ կարգավիճակ եւ արտօնութիւններ ունի:

«Մենք կարեւոր կը նկատենք մեր ուսանողութեան դերը մեր ժողովուրդի, մասնաւորապէս Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ: Գիտակցաբար  այդ արտօնութիւնը տուած ենք երիտասարդութեան, որովհետեւ մեր  կազմաւորման առաջին օրէն եղած է յառաջդիմական ուժ, իսկ հասարակութեան մէջ ամէնէն յառաջդիմական ուժը եղած է ուսանողութիւնը», հաստատեց ան:

Կառոյցի անդամ բազմաթիւ ուսանողներ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին յանուն մեր այսօրուան անկախութեան, բազմաթիւ երիտասարդներ դարձան Հայ դատի ջահակիրները, պայքարեցան հաւասարութեան, իրենց իրաւունքներուն համար: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յորդորեց չսահմանափակուիլ այսքանով:

«Եղած է ժամանակաշրջան մը, որ շատ սուր եղած է ուսանողական միութեան համար, պայմանները այդպէս եղած են, բայց կ՛ուզեմ, որ շարունակէք պայմաններ փոխել, իրողութիւններուն վրայ ազդել», կոչ ուղղեց Հրանդ Մարգարեան:

 

 

 

Նախորդը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Թելեթոնը Սկսաւ

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Տի Մարիա` Պատմութեան 7000-րդ Կոլին Հեղինակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?