Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ մօտիկ պագային Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ կատարուի հանդիպում մը` վերցնելու համար ելեկտրականութեան տագնապին լուծման ծրագիրին վերաբերող խոչընդոտները:

ԱՄԱԼ շարժումը յառաջիկայ չորեքշաբթի օր, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պաալպեքի մէջ պիտի նշէ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 33-ամեակը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային դրութիւնը հիմնական պատճառն է այն իրականութեան, որ մէկը միւսին չի կրնար հաշուետուութեան կանչել: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան ոչ մէկ շրջանի մէջ բարգաւաճում պիտի արձանագրուի, եթէ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ նման ծրագիրներ չգործադրուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը տկարացնել փափաքող բոլոր կողմերը կը փափաքին ծառայել Իսրայէլի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ այսօր լիբանանեան բանակին զօրակից կը փորձեն ներկայանալ անոնք, որոնք բազմիցս յարձակումներ գործած են բանակին վրայ. ան նկատել տուաւ, որ իր կատարած այս յայտարարութեան մէջ ինք գլխաւորաբար նկատի ունի Հըզպալլան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա»  օրաթերթին համաձայն, Ֆիթրի տօնին առիթով Լիբանանի մէջ քուէյթցի զբօսաշրջիկները Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի պանդոկները լեցուցած են եւ զբօսաշրջութեան մարզին ակնկալութիւնները հասցուցած հարիւր առ հարիւրի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ յայտնեց, որ Լիբանանի դրամատնային մարզը քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներու թիրախ չի նկատուիր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վրէժխնդրութեան եւ ոխի քաղաքականութեան դէմ պիտի պայքարին փոփոխութիւն եւ բարեկարգում գործադրելու իրենց ծրագիրին նկատմամբ յաւելեալ կառչածութիւն ցուցաբերելով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եագուպ յայտնեց, որ անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն, իր հօր` շէյխ Մոհամետ Եագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի թղթածրարին շուրջ ոչ մէկ սակարկութիւն ընդունուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ յայտնեց, որ իրենք կը վստահին միջազգային արդարութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ շրջանցել միջազգային արդարութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի նախագահ Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ կուսակցութիւնը չի փափաքիր, որ ելեկտրականութեան տագնապին լուծման ծրագիրը պատճառ դառնայ քաղաքական բանավէճի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան ներկայացուած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը վաւերացնելու նպատակով քուլիսներու ետին ի գործ կը դրուին դրական ջանքեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Հարիրիի սպանութեան հարցով ենթադրեալ ամբաստանուողներուն պաշտպանութիւնը կը հաստատէ անոնց յանցագործ ըլլալու իրականութիւնը:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի կազմակերպեն ժողովրդային բազմամարդ ցոյցեր, որոնք պիտի շրջափակեն Կեդրոնական դրամատունը, եթէ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը վաւերացնեն ելեկտրականութեան տագնապի լուծման յատուկ ծրագիրը:

 

 

Նախորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՖՐԵՆԺԻԷ – ՈՒԱԹՔԻՆԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.