Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՁՄԵՌ

August 29, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջինարեւելեան կամ յատկապէս արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցող իշխանափոխութիւնները հայկական հայեցակէտներէ դիտուած կրնան տեղի տալ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու: Մէկ կողմէ եթէ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու գոյութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնն են հայկական հայեցակէտի դիտարկումներուն առանցքային մտահոգութիւնները, միւս կողմէ անպայման պետական դիրքերէ մշակուած տեսադաշտի սահմաններն են: Արաբական երկիրներու պարագային անոնք կրնան համընկնիլ իրարու հայկական գործօնը այս բոլորին մէջ առաջին գիծի վրայ չտեսնելու առումով:

Խնդիրը այս պարագային տարբեր բովանդակութիւն կրնայ ունենալ, եթէ փորձենք մեր երկրի երկու դրացիներուն նկատմամբ այս բոլոր գործընթացներուն ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններու տարողութեան մասին խորհրդածութեան փորձ կատարել: Միջին Արեւելքի նոր սահմանագծումի հրամայականը հետզհետէ աւելի շօշափելի պատկերացումներ սկսած է ուրուագծել դիպաշարին հետեւողներուն համար: Իշխանափոխութիւններ, քաղաքացիական ընդհարումներ, իրողական բաժանումներ, նոր ուժերու կայացումներ եւ մասամբ նորին կու գան հիմնաւորելու շարժումներու տարերայնութեան ետին կանգնող ծրագիրներու առկայութիւնը:

Արագակշռոյթ այս վերիվայրումներուն նկատմամբ անհանգիստ կացութեան մէջ է Թուրքիան, որուն ներքին եւ արտաքին խնդիրները, թէեւ յայտարարողական մակարդակի վրայ անմիջական վտանգ ստեղծած ըլլալու տպաւորութիւն չեն ձգեր,  այսուհանդերձ թէժ օրակարգի վերածուած ըլլալու հանգամանքը ստացած են: Անմիջական դրացիներ Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ ստեղծուած քաղաքական տագնապները, յայտարարողական մակարդակէն անդին անցնող նոյնիսկ զինուորական միջամտութիւնը Իրաքի պարագային, կամ` դէպի Սուրիա թրքական ուժերու ներխուժման մասին անվերջ կրկնուող սպառնալիքները ցուցանիշ են, որ Թուրքիան խորապէս անհանգիստ վիճակի մէջ է քրտական գործօնի յանկարծակի եւ համընդհանուր աշխուժացման վտանգին ի տես: Շատ են ցուցանիշները այս ուղղութեամբ մտածողութիւն զարգացնելու: Աննկատ պէտք չէ մնայ այս բոլորին մէջ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան աշխատանքներու առկախման անորոշ լրատուութիւնը, որուն առաջին տարբերակը որեւէ պատճառ չէր նշեր, մինչ երկրորդը որոշումը յստակօրէն կ՛առնչէր Սուրիոյ հարցերուն:

Ներթրքական հարթութիւնը անկանխատեսելի հակազդեցութիւն կրնայ ունենալ, եթէ յայտարարողական մակարդակի վրայ լարուածութիւնը զինուորական դրսեւորումներ ունենայ եւ շրջանային մակարդակի վրայ ցնցումներ յառաջացնելու կացութեան մէջ գտնուի: Գերարժեւորումի մօտեցումով չէ, որ պէտք է խօսիլ Թուրքիոյ անդամահատման կարելիութիւններուն մասին` նկատի ունենալով մանաւանդ քրտական շարժումներուն նկատմամբ որոշ ժամանակներէ ի վեր ցոյց տրուող կարեւոր կեդրոններու օժանդակութիւնները: Նոր սահմանագծումներու ծրագիրներէն դուրս կրնայ չմնալ Թուրքիան: Յիշենք ու անցնինք պարզապէս, որ մինչ օրս չէ հերքուած ռուսական կարեւոր լրատուամիջոցին հրապարակած այն լրատուութիւնը, որուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը թուրք պաշտօնատարներուն յիշեցում կատարած էր հայերուն նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ունեցած սեւծովեան ելքով բնորոշուող պարտքին մասին:

Այս օրերուն շատցած են նաեւ վերլուծական զուգահեռները արաբական գարունին եւ Ազրպէյճանի մէջ ուշացող գարնան միջեւ: Զուգահեռները հիմնուած են երկարատեւ ընտանեկան իշխանութիւններու, հակաժողովրդավարական կարգերու, ընդդիմութեան փոշիացումին, հալածանքներուն եւ նման իրողութիւններու վրայ: Ալիեւն ու Քազզաֆին իրենց ունեցած պայմանային տարբերութիւններով հանդերձ նոյն նժարին վրայ կանգնեցնելու փորձերը շատ են: Ազրպէյճանական ձմեռ է առայժմ:

Քաղաքական եւ հասարակական այս արժեչափերը նկատի ունենալով հաւանաբար զուգահեռները արդարացուած են: Այս պարագային սակայն, արցախահայութիւնը ի տարբերութիւն արտաքին ներշնչումներէ թելադրուած արաբական գարուններու տեսակներուն, ազգային ինքնորոշման մարդկային եւ ազգային սկզբունքներուն վրայ իրողական նոր սահմանագծումը պարտադրած է բոլորին: Ինչպէս գարունը, այնպէս ալ ձմեռը կամ միւս եղանակները որեւէ փոփոխութիւն չեն կրնար բերել ինքնորոշուած Արցախին:

«Ա.»

Նախորդը

«ՈՐՈՇ ԴՐԱՑԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ԱՅԴ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.