Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Յայտնաբերուած Է Յանցագործ Խումբ Մը

Նոյեմբեր 26, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

NorkMarash_112515

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը 25 նոյեմբեր 2015-ին Նորք Մարաշի մէջ, Հայաստանի ոստիկանութեան հետ կատարուած միացեալ խուզարկութիւններով յայտնաբերած է յանցագործ խումբ մը, որուն մօտ գտնուած է մեծ քանակութեամբ զինամթերք:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն յայտնած են, որ 1981  թուականին ծնած, 1997-էն Սպանիա բնակող եւ այս տարուան ապրիլէն ժամանակաւոր կերպով Երեւան հաստատուած Հայաստանի քաղաքացի Արթուր Վարդանեանը, Հայաստանի մէջ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու նպատակով 2015 թուականին կազմած եւ ղեկավարած է յանցագործ խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն մեծամասնութեամբ աշխատանք չունեցող Հայաստանի 19 քաղաքացիներ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ կեդրոնէն յայտնած են, որ վերոյիշեալ յանցագործութիւնները կատարելու նպատակով խումբը ապօրինի կերպով ձեռք բերած է զէնք եւ ռազմամթերք, որոնք պահած է Երեւան քաղաքի Նորքի 9-րդ փողոց, 78-րդ տուն հասցէով նախապէս այդ նպատակով վարձուած առանձնատան մէջ, ուր շուրջ մէկ ամիս խումբին անդամները կազմակերպած են հաւաքներ եւ մշակած գործունէութեան ծրագիրներ:

Կատարուած խուզարկութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած են տարբեր տեսակի ինքնաձիգեր, ատրճանակներ, նռնականետեր, նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ պայթուցիկ սարքաւորումներ, փամփուշտներ, փամփշտակալներ, կապի միջոցներ ու այլ տեսակի զէնք եւ ռազմամթերք:

Արթուր Վարդանեանի կողմէ վարձուած տան մէջ գտնուած են 6 հատ «Ակ-74» տեսակի ինքնաձիգ, 4 հատ «Աքմ» տեսակի ինքնաձիգ, մէկ հատ «Թէ.Էն.Թէ.» տեսակի ատրճանակ, տարբեր տրամաչափի ընդհանուր 5261 փամփուշտներ, 2 հատ ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր (խուզարկութեան պահուն միացուած էին, վնասազերծուած են), 1 հատ պայթեցման սարք, 1 հատ հակահրետանի բեկորային ական, մօտ 1200  կրամ «Թրոթիլ» պայթուցիկ նիւթ, մօտ 50 կրամ «Փլասթիտ» պայթուցիկ նիւթ, 11 հատ «Ֆ1» նռնակներ, 46 հատ «Ռգ» նռնակներ, 3 հատ «Ռգդ-5»  նռնակներ, 2 հատ հակահրետանային նռնականետ, մեծ քանակութեամբ զինուորական զգեստ եւ այլն: Յայտնաբերուած են նաեւ Հայաստանի, Երեւանի եւ Գիւմրիի քարտէսներ, յատակագիծեր` նշումներով, գրականութիւն, որ կը հաստատէ յանցաւոր համագործակցութեան կողմէ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ կատարելու ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներու փաստը:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ` Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 223-րդ յօդուածի առաջին եւ երկրորդ մասերով եւ 235-րդ յօդուածի երրորդ մասով, կը կատարուի նախաքննութիւն:

Խումբին ղեկավարն ու անդամները ձերբակալուած են:

Բացայայտուած յանցագործ խումբի պարագլուխն ու խումբը կազմող Արթուր Վարդանեանը «Հայոց վահան» կազմակերպութեան հիմնադիրն է:

Դիմատետրի իր էջին վրայ եւ ընկերային ցանցին մէջ ան արձանագրուած է «Վարդանանց Իշխան» կեղծանունով եւ «Եութիուպ»-ի միջոցով «Հայոց վահան» անուան տակ տարածած է տեսանիւթեր, ուր խօսած է Քեսապի ազատագրութեան մէջ իբրեւ թէ իր մասնակցութեան մասին:

Այն բնակարանին մէջ, ուր ձերբակալուած է խումբը, գտնուած է երիտասարդ աղջկայ մը լուսանկարը, որ Դիմատետրի էջին վրայ արձանագրուած է իբրեւ Նելլի Մինասեան եւ տարածած է «Հայոց վահան»-ի խորհրդանշանին նկարը: Հոն կային նաեւ Հայաստանի պետական դրօշին վրայ «Հայոց վահան»-ի խորհրդանիշով բազմաթիւ նկարներ` փարատելով այն կասկածները, որոնց համաձայն, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ յիշատակուող Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեանը, որ գալով Հայաստան, կազմած եւ ղեկավարած է յանցագործ խումբ մը, միեւնոյն «Հայոց վահան» կազմակերպութեան ներկայացուցիչն է:

«Հայոց վահան»-ը Հայաստանի պետական տոմարի գործակալութեան մէջ արձանագրուած է իբրեւ «Հայոց վահան մէկ» մարզամշակութային հասարակական կազմակերպութիւն` 24 յուլիս 2015-ին: Իսկ իբրեւ կազմակերպութեան համահիմնադիրներ արձանագրուած են Արթուր Վալերիկ Վարդանեան եւ Ստեփան Աշոտ Սումբուլեան:

 

 

Նախորդը

Ժիրինովսքի Խօսած Է Արեւմտահայաստանի Ազատագրութեան Կարելիութեան Մասին

Յաջորդը

Հայաստանն Ու Սերպիան Զինուորական Մարզին Մէջ Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

RelatedPosts

Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ  Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ  Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»
Հայկական

Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»

Յունիս 13, 2025
«Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի  Բոլոր Միջազգային Այցելութիւններուն Մասին  Ժամանակին Կը Տրամադրուի Պատշաճ Տեղեկատուութիւն»  Կ՛ըսէ Փաշինեանի Բանբերը
Հայկական

«Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի Բոլոր Միջազգային Այցելութիւններուն Մասին Ժամանակին Կը Տրամադրուի Պատշաճ Տեղեկատուութիւն» Կ՛ըսէ Փաշինեանի Բանբերը

Յունիս 13, 2025
Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձներ Յղած Է  Փութինին Եւ Միշուսթինին`  Ռուսիոյ Օրուան Առիթով
Հայկական

Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձներ Յղած Է Փութինին Եւ Միշուսթինին` Ռուսիոյ Օրուան Առիթով

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?