Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Փոփոխութիւններով` Ընդդիմութեան Իրաւունքները Կը Պահպանուին

November 24, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pakrad_112315

Վայք շրջանի ընտրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ Բագրատ Եսայեան` խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին, դիտել տուաւ, որ  անոնցմով կը ստեղծուին բոլոր նախադրեալները երկիրը միակուսակցական վտանգէն պաշտպանելու: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է իրականացնել այդ մէկը, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ձեւաւորել կայուն մեծամասնութիւն, եւ թէ ի՛նչ է ատոր առաւելութիւնը: Բ. Եսայեան ընդգծեց, որ սահմանադրական բարեփոխումներով կարեւորութիւն կը տրուի գործօն իշխանութիւն ձեւաւորելու մեքանիզմներու ստեղծման:

«Այսօր գործող համակարգով միակուսակցականութիւնը արդէն իսկ արմատացած է, սակայն առաջարկուող փոփոխութիւններով կը վերանայ մեծամասնական ընտրակարգը, կուսակցութիւնները, ձայն ստանալով, կրնան կազմել գործադիր իշխանութիւն, որ խորհրդարանին մէջ կրնայ ունենալ մեծամասնութիւն, որպէսզի ճգնաժամ չյառաջանայ, եւ Հայաստանը չդառնայ անկայունութեան վայր», ըսաւ ան:

Ըստ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչին, Հայաստանի մէջ ցարդ տեղի ունեցած 5 խորհրդարանական ընտրութիւններուն համամասնական ցանկով չէ եղած պարագայ մը, երբ որեւէ կուսակցութիւն բացարձակ մեծամասնութիւն ստանայ: Նոր փոփոխութիւններով` ընտրութիւններուն շատ ձայներ հաւաքած կուսակցութիւնը, եթէ չստանայ մեծամասնութիւն, խորհրդարան հասած միւս կուսակցութիւններուն հետ ստիպուած է բանակցութիւններ վարել, որպէսզի կառավարութիւն ձեւաւորուի: Բագրատ Եսայեանի համաձայն, եթէ ընդդիմութիւնը յաջողեցաւ ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին մեծամասնութիւն ձեւաւորել, կառավարութիւնը կը կազմաւորուի, իսկ եթէ մեծամասնութիւն ստանայ իշխող կուսակցութիւնը, ապա ան պէտք է համախոհութիւն կազմէ, այլ կուսակցութիւններ հրաւիրէ եւ, ըստ այդմ, կազմէ կառավարութիւն:

«Առաջարկուող բնորդով, երկրորդ հանգրուան անցած կուսակցութիւնները (առաջին եւ երկրորդ դիրքը գրաւած)  կարելիութիւն ունին նոր պլոքներ կազմելու խորհրդարան անցած կուսակցութիւններէն եւ առիթ տալու, որ ժողովուրդը ընտրէ, թէ իրենցմէ ո՛ր մէկը պիտի դառնայ մեծամասնութիւն: Եւ եթէ երկրորդ հանգրուանին կուսակցութիւններէն մէկը ստանայ նոյնիսկ 99 տոկոսի մեծամասնութիւն, միեւնոյն է, խորհրդարանին մէջ այդքան տոկոս ձայներ չ՛ունենար, այլ կ՛ունենայ ընդամէնը 54 տոկոսի ձայն, ոչ աւելի: Իսկ կարեւոր պաշտօններու նշանակումը կարելի է միայն 60 տոկոսի ապահովման պարագային: Իշխանութեան` 54 տոկոս ձայներ ստանալու պարագային, խորհրդարան անցած միւս կուսակցութիւնները, մանաւանդ` ընդդիմութիւնը կրնան ազդել շատ կարեւոր պաշտօններու նշանակման վրայ, որոնց կարգին` գլխաւոր դատախազի, Կեդրոնական դրամատան նախագահի, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ղեկավարի պաշտօնները», ըսաւ ան:

Եսայեանի համաձայն, նոր համակարգը կարելիութիւն կու տայ  ընտրութիւններով հասնելու իշխանափոխութեան: «Այսօր իշխանութիւնը ունի 100 տոկոս իշխանութիւն, իսկ ընդդիմութիւնը որեւէ լծակ չունի ո՛չ իշխանութեան վրայ ազդելու, ո՛չ ժողովուրդին վիճակը բարելաւելու: Մենք կ՛առաջարկենք ձեւաւորել միասնական համակարգ` ուժեղ իշխանութիւն եւ ուժեղ ընդդիմութիւն», նշած է ան:

Նախորդը

Գանձասարի Մէջ Մատենադարանի Բացում

Յաջորդը

Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

RelatedPosts

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Հոլովոյթին
Հայկական

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթին

March 10, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան
Հայկական

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան

March 10, 2026
Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.