Մտքի թռիչքով մը անցէք հայոց աշխարհի բոլոր դէպքերուն եւ արարքներուն վրայէն, վերէն դիտեցէք տեսարանը քաջութեամբ կարկառուն ու արիւնով ներկուած պատկերներուն ու դուք ամէնուրեք պիտի տեսնէք, որ բոլորի սրտին ու մտքին մէջ կը ծածանի դրօշակը հայոց ազատութեան ու անկախութեան: Այդ դրօշը ՀՅ Դաշնակցութիւնը բարձրացուց. այդ դրօշը կը յանձնէ ներկայ սերունդին, որ օր մը բախտը պիտի ունենայ զայն բարձրացնելու ամբողջական, ազատ եւ անկախ հայրենիքի բոլոր բարձունքներուն վրայ:
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
«ՏՈՒԱ ըրէք եզայ լէն ճակտին եւ Մշակին», կ՛ըսէ հայ գիւղացին: Այն եզն ու մշակը հայ ժողովուրդն է` արիւնով գծուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս: Այնտեղ է, որ սերմնացանը բուռը կը լեցնէ ցորենի սերմերը նետելու: Մեծ համբերութիւնով եւ զոհողութիւնով աշխատանք տարուած է արդէն քարերը մաքրելու: Մենք կը հաւատանք հողի բարութիւնով մեր ժողովուրդի խաղաղ ու համբերատար աշխատանքին: Ան, արտը պիտի դարձնէ բերրի ու բարգաւաճ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ
Դաշնակցութիւնը հայութեան անշօշափելի ուժերուն զարգացման, առողջութեան նուիրուած կուսակցութիւն մըն է գերազանցօրէն: Այս պատճառով ալ, ան ոչ միայն ռումբ նետեր է, այլեւ գիրք գրեր է, կարդացեր է: Կառուցեր է զինարաններ, բայց չէ մոռցեր դպրոցը. զէնք է փոխադրեր, բայց գիրքը միասին է տարեր. մարտիկներ է կազմեր, բայց նաեւ մտաւորականներ. հերոսներ է տուեր, եւ անոնց շարքին, հերարձակ, գաղափարապաշտ հսկաներ, մտքի ու մշակոյթի դաշտերէն ներս:
ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Հոգիիս մէջ այս երազն ես կը կրեմ ամէն օր`
Յուզումներո՜վ, դողերո՜վ, սարսուռներո՜վ սրբազան,
Օր մը դառնալ վերըստին երդիքիդ տակ լիանդորր
Հեռաւոր տո՛ւն հայրենի, անուանելի՛ ուրուական:
ՎԱԶԳԷՆ ԵՍԱՅԵԱՆ
Մենք բարեկամներ ունէինք – եւ ունինք, բայց շահակիցներ չունէինք: Ընդհակառակն, Թուրքիա բարեկամ չունէր – եւ չունի, սակայն շահակիցներ ունի:
Երանելի են, բախտաւոր են, երջանիկ են այն ազդերը, որոնք ոչ միայն կրցած են բարեկամներ ունենալ, այլ նաեւ եւ մանաւանդ շահակիցներ ունենալ:
Բ. ԹԱՇԵԱՆ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով
85.- Խորհրդային պառակտիչ գործունէութեան ծայր աստիճան վնասակար եւ մինչեւ այսօր իր հետեւանքները զգալի դարձնող էջը եղաւ Ղեւոնդ արք. Դուրեանի սպանութիւնը 24 դեկտեմբեր 1933-ին, Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Դուրեան Սրբազան մերժած էր ճանչնալ թեմի ազգընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը, նշանակած էր իր նախասիրած վարչութիւնը, եւ, չբաւարարուելով կամայական իր այդ քայլով, գրգռիչ ելոյթներ կ՛ունենար նաեւ յաչս ժողովուրդին, մինչեւ անգամ Հայաստանի անկախութեան խորհրդանիշ եռագոյնը հրապարակաւ անարգելով: Այդ վարքագիծին դէմ վրդովուած դաշնակցական երիտասարդի մը կողմէ գործուած սպանութիւնը անհրաժեշտ պատրուակը տուաւ պոլշեւիզմին, որպէսզի ամբողջական «Ժիհատ» յայտարարէ ՀՅԴ-ի դէմ, Ամերիկայի ողջ հայութիւնը մխրճէ հոգեկան խզումի անելին մէջ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ջլատիչ անդրադարձը ունենալ գաղութին կենսունակութիւնը վերականգնելու ճիգերուն վրայ:
86.- 1938 թ.ի յուլիս-սեպտեմբերին, Գահիրէի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ 13-րդ Ընդհանուր ժողովը: ՀՅԴ կը մշակէ հայրենիքի ազատագրութեան պայքարը հանգրուանային լուծումներով իրականացնելու ռազմավարական սկզբունքը. նոյնպէս` կ՛որոշէ Թուրքիան եզերող երկիրներու մէջ նախապատրաստուիլ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ինքնապաշտպանութեան գործին, հաւանական որեւէ հարուած դիմագրաւելու համար: Ընդհանուր ժողովը Բիւրոյի ձեռքը ազատ կը ձգէ` անհրաժեշտ պարագային դժուարին որոշումները կայացնելու համար:
Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Դաշնակիցներու կողքին կանգնելու ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնական քաղաքականութեամբ հանդերձ, Բիւրոյի անդամ Դրօ դիմեց ազգային առումով նշանակալից քայլի մը` Պալքաններու մէջ ձեռնարկելով բռնագրաւիչ Նացիական ուժին հետ անհատական գործակցութեան մը` նպատակադրելով ոչ միայն շրջանի հայութեան, այլեւ` Կովկասի վրայ նացիական արշաւանքի յաջողութեան պարագային` նոյնինքն երկրի մեր ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութեան պաշտպանութիւնը: Նացի Գերմանիոյ հետ Դրոյի ունեցած ազգանպաստ այդ գործակցութիւնը լայնօրէն չարաշահուեցաւ հակադաշնակցական պայքարի ընթացքին որուն հատու պատասխանը ատենին տուած է Շ. Միսաքեան` «Յառաջ»-ի 14 մարտ 1956-ի խմբագրականին հետագայ եզրակացութեամբ.- «Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, փոքրոգի մարդիկ, գոյնզգոյն դիմակաւորներ փորձեցին մուր քսել մեր ճակտին, մերձեցման փորձի մը առթիւ որ ամէն բանէ առաջ կը բխէր զուտ ազգային մտահոգութիւններէ: Օրուան հարցն էր,- ի՞նչպէս ընել որ Եւրոպայի հայ գաղութները եւ մեր անճար հայրենիքը ոտքի տակ չերթան, նախայարձակ սանձակոտոր արշաւանքին առջեւ: Դրօ իր ամբողջ անցեալն ու հմայքը դրած էր նժարին մէջ, այդ եղերական օրերուն: Ոչ թէ սնամէջ պատրանքներ սնուցանելով, այլ նախատեսելով ահաւոր վտանգները: Անշուշտ իրեն համար տառապանք էր այդ պարտականութիւնը: Եւ սակայն կատարեց նոյն պայծառամտութեամբ, ճակատաբաց ու վճռական: Միշտ յիշեցնելով, արիաբար, թէ իր ներկայացուցած ժողովուրդը ոչ փորձանիւթ է, ոչ ալ ամբոխ»: