Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԱՄԷՆԷՆ ՏԿԱՐ ՕՂԱԿԸ ՉԷ ԵՒ ՈՉ ԱԼ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ» ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

August 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Երուսաղէմի Միջազգային օրուան առիթով երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Մարուն Ռասի մէջ տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պատկերասփռուած ճառով մը հանդէս եկաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, որ շեշտեց, թէ Լիբանան շրջանին մէջ ամէնէն տկար օղակը չէ այլեւս եւ երբեք պիտի չըլլայ:

«Իսկ եթէ լիբանանցիները զօրակցին եւ նեցուկ կանգնին բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազին, ապա ոչ ոք պիտի կարենայ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը պարտադրել անոնց: Անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, թէ կան արտաքին կողմեր, որոնք կ՛աշխատին, եւ ներքին լիբանանեան կողմեր, որոնք կ՛օժանդակեն անոնց», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ դժբախտաբար Լիբանանի մէջ կան քաղաքական կողմեր, որոնք կը փորձեն բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը վարկաբեկել, ինչպէս նաեւ բանակն ու ժողովուրդը եւ բանակն ու Դիմադրութիւնը իրարու դէմ լարել:

«Սակայն երբ բանակը, լիբանանցիները եւ Դիմադրութիւնը միասնական են, ապա անոնք կրնան շրջանցել իրենց դէմ սպառնացող բոլոր դաւադրութիւնները եւ թակարդները», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին, Դիմադրութեան դէմ անոր ամբաստանագիրին եւ հրապարակուելիք այլ ամբաստանութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ անոնք ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

«Երբ լիբանանեան բանակը իբրեւ հաստատութիւն թիրախ դարձնելը քաղաքական ուժերու կողմէ աններելի արարքներ են, քաղաքական այդ ուժերէն ոմանք իրենց ցեխարձակումները կը տեղացնեն բանակին վրայ, իսկ ուրիշներ լուռ կը մնան, սակայն օրին կռուած են բանակին դէմ: Իսկ Մայրիներու յեղափոխութեան պարագային, յստակ դարձաւ, որ այդ յեղափոխութիւնը ղեկավարած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆրի Ֆելթման եւ ֆրանսացի անոր պաշտօնակիցը», ըսաւ ան:

Սուրիոյ կացութեան եւ զարգացումներուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ շրջանին մէջ կարիքը կայ զօրաւոր Սուրիոյ մը, որ կառչած կը մնայ իր ազգային սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ արաբականութեան եւ Դիմադրութեան նկատմամբ զօրակցութեան:

«Մենք բոլորս կառչած կը մնանք Պաղեստինի կերտումին, ինչպէս նաեւ կը հաստատենք, որ օր մը միայն Աքսայի մզկիթին համար եւ անկէ հեռու ողջոյնի կանչեր պիտի չկատարենք, ընդհակառակն` օր մը մենք անպայման Աքսայի մզկիթին մէջ պիտի աղօթենք` ազատագրելով բռնագրաւուած պաղեստինեան բոլոր հողերը», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:

Լիպիոյ իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք մեծ յոյս ունին, թէ անհետացած իմամ Մուսա Սատըր իր ընկերակիցներով պիտի վերադառնայ Լիբանան. ան կոչ ուղղեց լիպիացիներուն Լիպիան վերադարձնելու արաբական աշխարհին եւ Պաղեստինի:

 

Նախորդը

ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.