Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը: Պըրրի ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հակակշիռի տակ պիտի առնէ սադրանքները, «հետեւաբար` բանակը երբեք պէտք չէ բանավէճի նիւթ դարձնել», հաստատեց ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ժոմպլաթ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին մասին իր կատարած դիտողութիւնները պիտի չջնջէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքի, այսօր առաւօտեան Թուրքիայէն վերադարձաւ Լիբանան:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախկին նախարար Հասան Մնայմնէ շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրը Հըզպալլայի ղեկավարութեան մօտ իրարանցում պատճառած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը կազմուած է ճնշումներու տակ` աւելցնելով, որ անիկա ընթացիկ հարցերու լուծման կառավարութիւն է:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կրկին վարչապետ պիտի չնշանակուի` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու պիտի մնան Նեժիպ Միքաթին վարչապետ պահելու:

ԻՐԱՆԵԱՆ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ անհետացած իմամ Մուսա Սատըր եւ անոր ընկերակիցները Լիպիոյ մէջ առեւանգուելէ անմիջապէս ետք սպաննուած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ հաստատեց, որ ինք բանակէն ներում պիտի չհայցէ` աւելցնելով, որ բանակը կողմնակալութիւն կը կատարէ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի առաջարկած է կազմել խորհուրդ մը` օժանդակելու համար ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլին, որպէսզի ան գործադրէ ելեկտրականութեան տագնապին լուծման վերաբերող ծրագիրը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան դատական իշխանութիւնները կ՛ուղղուին հարցաքննելու «Թայմ» շաբաթաթերթին լրագրողները:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ եւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ քանի մը օր առաջ հանդիպած են եւ քննարկած լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ներկայիս շատ աւելի զօրաւոր է` աւելցնելով, որ Իսրայէլ կ՛ուղղուի դէպի անէացում:

Նախորդը

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԽՕՍ ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

Յաջորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՍՈՒՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.