ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով խորհրդակցութիւն ունեցան Գերմանիոյ հետ, որ յաջորդ տարի պիտի ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ այդ առնչութեամբ գրառում կատարած է:
«Այսօր մենք խորհրդակցութիւն պիտի ունենանք Գերմանիոյ հետ, որ ԵԱՀԿ-ի յաջորդ նախագահող երկիրն է: Միասնաբար պիտի աշխատինք յանուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման», գրած էր Ուորլիք: