Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Ո՞վ Տէր Պիտի Կանգնի Թովմասեաններուն (1)

November 12, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Իլոնան երիտասարդ աղջիկ էր, երբ 1988-ին Պաքուի մէջ հակահայ հալածանքներն ու բռնի տեղահանութիւնները սկսան: Իր ծնողքին եւ քրոջ հետ Իլոնան կը փախչի Հայաստան եւ ապաստան կը գտնէ Երեւանի մէջ` մազապուրծ փրկուելով ազրպէյճանական վոհմակներու յարձակումներէն: Քանի մը տարի ետք, Իլոնայի քոյրը կ՛ամուսնանայ Երեւանի մէջ ուսանող սուրիահայ երիտասարդի մը հետ եւ կը տեղափոխուի Հալէպ:

Քրոջը առաջին ծննդաբերութեան առիթով Իլոնան Հալէպ կ՛այցելէ եւ հոն կը ծանօթանայ Յովսէփ Թովմասեանին: Կարճ ժամանակ մը ետք կ՛ամուսնանայ անոր հետ, եւ միասին կը մեկնին Արաբունար (Քոպանի), ուր Յովսէփ ինքնաշարժներու նորոգութեան կառաժ մը ունէր: Բոլորդ կը յիշեք Արաբունարը, Թուրքիոյ սահմանին գտնուող սուրիական քրտաբնակ այս քաղաքը: Այդ օրերուն Արաբունարը խաղաղ էր, եւ Իլոնան կը վարժուի իր նոր կեանքին ու կ՛ունենայ երեք երեխայ` երկու մանչ եւ մէկ դուստր: Տարիներ ետք, երբ Սուրիոյ հարցերը կը սկսին, Յովսէփին երկու եղբայրները իրենց ընտանիքներով կը փախչին Հալէպէն եւ կ՛ապաստանին Արաբունար` Յովսէփին եւ Իլոնային մօտ, յուսալով, որ կարճ ժամանակ  ետք պատերազմը պիտի վերջանայ եւ բոլորը պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրերը:

Իլոնայի երկու զաւակները` Յակոբն ու Վարդուհին, փայլուն աշակերտներ էին եւ պէտք է մեկնէին Հալէպ` պետական քննութիւններուն մասնակցելու: Հակառակ անոր որ բոլորը դէմ էին երեխաներուն Հալէպ մեկնումին, Իլոնան` կարեւոր համարելով քննութիւնները, երեխաները Արաբունարի միւս աշակերտներուն հետ միասին կ՛ուղարկէ Հալէպ: Վերադարձի ճամբուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները անակնկալ կը կանգնեցնեն աշակերտներուն պասը եւ կ՛առեւանգեն զանոնք, ապա անոնց աչքերուն առջեւ կը գլխատեն անգլերէնի դասատուն, իսկ տղաները կ՛առանձնացնեն աղջիկներէն: Իլոնայի մեծ տղան` Յակոբը, կը յաջողի փախչիլ Հալէպ եւ անկէ` Պէյրութ: Զինեալները Իլոնայի աղջիկը` Վարդուհին, կը տեղաւորեն իրենց ենթակայ ընտանիքի մը մօտ: Վարդուհին չի բացայայտեր իր հայկական ինքնութիւնը եւ իսլամական օրէնքներով կ՛ապրի այդ ընտանիքին հետ` ծպտուած իբրեւ քիւրտ: 8 ամիս ետք զինեալները յանկարծ կ՛որոշեն ազատ արձակել պատանդերը, եւ Վարդուհին կը վերադառնայ Արաբունար` իր ընտանիքին մօտ:

2014 սեպտեմբերին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները անակնկալ յարձակումով մը կը մտնեն Արաբունար: Իլոնան եւ Թովմասեան ընտանիքի միւս անդամները Արաբունարի վերջին հայ բնակիչները, քիւրտերուն հետ խուճապահար կը հատեն Թուրքիոյ սահմանը եւ Սուրուճ քաղաքը հասնելով, կ՛ընդունուին իբրեւ փախստական¬գաղթականներ: Սկիզբը կ՛ապրին հանրային վարժարանի մը մէջ, յետոյ գաղաթակայանի մը մէջ վրան մը կը տրամադրուի իրենց:

Մայիսին Արաբունարը կ՛ազատագրուի քրտական ուժերուն կողմէ: Յովսէփն ու իր կրտսեր որդին` 14 տարեկան Արամը, կը վերադառնան տուն, որպէսզի ստուգեն իրենց բնակարանին եւ կառաժին վիճակը ու հիմնական տունդարձի պատրաստութեամբ զբաղին: Երեկոյեան Յովսեփ շուկայ կ՛երթայ գնումներ ընելու, եւ կը պատահի անսպասելին: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, քրտական համազգեստներ հագած, վրէժխնդրական յարձակում մը կատարելով կը կրակեն շուկայ եկած մարդոց վրայ: Արամ կրակոցները լսելով կը վազէ դէպի շուկայ եւ ճամբան կը տեսնէ հօրը` գետին ինկած, արիւնլուայ վիճակի մէջ… «Փախէ՛ք այս երկրէն»-ը կ՛ըլլայ իր տղուն տուած Յովսէփի վերջին պատգամը:

Իլոնային, Արամին եւ Թովմասեան ընտանիքի միւս անդամներուն ծանօթացայ Երեւանի մէջ: Այս մասին` յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանի ՄԱԿ-ի 10-րդ Եւ Արաբական Լիկայի 5-րդ Օրինակներու Բացման Հանդիսութիւն` Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանին Պէյրութի Մասնաճիւղին Մէջ

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.