Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրախօսական. Ողջոյն Յուշամատեանին

Նոյեմբեր 11, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ. ԲԱՐՍԵՂ ՎՐԴ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

IMG_5092-(1)Ճիշդ է, որ աշխարհիս երեսին մնայուն ոչ մէկ բան կայ` քանզի անողոք ժամանակը կ՛աւերէ ամէն ինչ, սակայն քանի դեռ կայ մարդը, մարդկային ստեղծագործ միտքը, կայ նաեւ յիշողութիւնը` հզօր եւ մնայուն` մարդը կ՛ապրի, կ՛արարէ եւ կը հեռանայ աշխարհէն` ետին ձգելով հոգեւոր, ազգային, մշակութային, գիտական հարուստ ժառանգութիւն` ինչպիսին է Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորակերտ շէնքի 50-ամեակին նուիրուած յուշամատեանը, որ նախախնամութեան թելադրանքով եկաւ համալրելու մեր պատմագիրքերու շարքը` նորովի վերընթերցելով զայն, ու նորովի նախանշելով վաղուան օրը, մոռացութեան ծալքերէն հանեց եւ կենդանութիւն ներարկեց գրեթէ մահուան դատապարտուած դէպքերուն ու դէմքերուն:

Այսպիսով, յուշամատեանի խմբագրակազմը կենդանի յուշարձանը կանգնեցուց` մեր յիշողութեան մէջ անմար ու վառ պահելով նուիրեալ միաբան հայրերուն յիշատակը:

Յուշամատեանի էջերուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք հետաքրքիր տեղեկութիւններու, որոնք նուիրուած են դպրեվանքի առօրեային եւ անոր ձեռքբերումներուն, գրուած` փաստալից, հիւթեղ ու պատկերաւոր լեզուով. մայրենիին նրբութիւններուն ծանօթանալով` կը տեսնենք գրաւոր խօսքի գայթակղիչ աշխարհը` հարուստ բառ ու բանով գրուած յօդուածներու ընդմէջէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րորդ տարեդարձի այս օրերուն դպրեվանքիս տեսչութիւնը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ կեանքի կոչելու 50-ամեակի յուշամատեանը եւ զայն ձօնեց նահատակ միաբան հայրերու յիշատակին:

Երիցս համոզուած ենք, որ սոյն մատեանի էջերուն մէջ տպագրուած շատ մը նիւթեր այսօր հրատապ ու պատմաճանաչողական նշանակութիւն ունին եւ խիստ շահեկան են յատկապէս պատմաբաններու աշխատանքային գործունէութեան համար, քանզի աշխատանքի պահուն խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեանը լայնօրէն օգտագործեց Զմմառեան միաբանութեան մատենադարանի արխիւի բազմաբնոյթ վաւերագրերը:

Հետազօտութիւնները կ՛ընդգրկեն 1750-էն մինչեւ 1818 ինկած ժամանակահատուածը, այնուհետեւ ընծայարանի վերջին 50-տարիներու նուաճումները:

Իւրաքանչիւր գլուխ վերնագրուած է: Ներկայացուող փաստաթուղթերը եւ հրապարակումները կատարուած են որոշ ուղղագրական ուղղումներով:

Կատարուած աշխատանքը համեստ փորձ է` անաչառ մօտեցումով, որով ներկայացուած փաստաթուղթերը իրենք կը վկայեն պատմութիւնը:

Անոր մէջ ընդգրկուած նիւթերը վեր կը հանեն այդ ժամանակի ճշմարտացի պատկերը, ցոյց կու տան դպրեվանքի անցած ուղին եւ կը նպաստեն մեր հեռու անցեալի ամբողջական պատմութեան կերտման ընթացքին շուրջ պատկերացում կազմելու` ներկայացուած փաստաթուղթերու պատճենները կարդալով:

Այս առումով ողջունելի է յուշամատեանին լոյս աշխարհ գալը, որ ընթերցողին դատին կը յանձնենք: Սոյն նախաձեռնութիւնը Զմմառու կղերի միաբանութեան եւ դպրեվանքի հիմնադիր հայրապետներուն` անխոնջ մշակներուն յիշատակին անթառամ ծաղկեպսակը ըլլալէն բացի. այնտեղ սնած եւ ուսած նորընծաներուն, ժառանգաւորներուն, դպիրներուն եւ սարկաւագներուն սխրագործութիւններով լի կեանքին կենդանի տարեգրութիւնը` փաստագրական հարուստ նիւթերով հիւսուած պատմութեան էջերը:

Այն սկզբնաղբիւրի դեր կրնայ կատարել ոչ միայն համանուն դպրեվանքի պատմութեան խնդիրներով զբաղող մասնագէտներու, այլեւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն համար:

Ի խորոց սրտէ կը շնորհաւորենք յուշամատեանի խմբագրակազմը, որոնք աշխատանքային ինչպիսի տարողականութեամբ երկու ձիգ տարիներ նուիրաբերեցին այս այնքան պատուաբեր եւ անհրաժեշտ աշխատանքը յաջողցնելու ի խնդիր:

Ուր կայ խստապահանջութիւն, հաւասարակշռուածութիւն եւ հետեւողականութիւն, այնտեղ կայ պտղաբեր արդիւնք:

Հ. ԲԱՐՍԵՂ ՎՐԴ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Ընդհանուր Մատակարար Զմմառու Միաբանութեան
Տեսուչ` Ս. Միքայէլ Ընծայարանի
եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի

Նախորդը

Գրաւուա՛ծ Է…

Յաջորդը

Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան Տօն, Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Եւ 50-Ամեակի Յուշամատեանի Գինեձօն Զմմառու Վանքէն Ներս

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?