Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրաւուա՛ծ Է…

Նոյեմբեր 11, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. Մ.

cengiz_111115

Թերեւս աւելի իմաստուն ռազմավարութիւն մը  որդեգրած կ՛ըլլանք, եթէ գրենք տարբեր-տարբեր նիւթերու մասին: Գրենք` անտեսելով մեր շուրջը պատահող բոլոր անցուդարձերը, շեղելու համար  մեր գրած սիւնակներուն վրայ կեդրոնացած այն աչքերուն կիզակէտը, որոնք կը համրե՜ն  մեր գործէն արձակումին մնացեալ օրերը…..

Բայց, իրապէ՛ս, ես երբեք իմաստուն մէկը չեմ եղած, մասնաւորաբար երբ հարցը կու գայ ռազմավարութեան: Ինքզինքս երբեք չեմ կաշկանդած իմ իրական զգացումներս արտայայտած ատեն:

Այս պահուն, կարծես հեռագրական գրասենեակէ մը այս քաղաքին գրաւման լուրն է, որ կը փորձեմ ղրկել աշխարհին: Անձնապէս թերեւս ես ազատ  ըլլամ, բայց` հո՛ն, ուր որ ես կը գտնուիմ, հիմա  բա՛նտ մը ըլլալ կը թուի: Եւ հեռագրական այս նամակս կրնայ ղրկուիլ աշխարհին`  միայն վաւերացուած ըլլալու պարագային…

Անցեալ հինգշաբթի (հոկտեմբեր 29-ին) «Պուկիւն» (Այս օր, Յ.Մ.) օրաթերթին չորեքշաբթիի թիւը տպարան չղրկուեցաւ… Տեսերիզի մը վրայ դիտեցի, թէ ինչպէ՛ս երկրին  վարչակարգին կողմէ նշանակուած անձնաւորութիւն մը թերթին գործաւորները շէնքին գրասենեակի մը մէջ հաւաքելով` կը սպառնար եւ տպարան ղրկուելիք չորեքշաբթի թիւը աղտոտ լաթի մը պէս մէկ կողմ կը շպրտէր: Կը սպառնար այնպէ՛ս` կարծես յաղթական զօրքի մը հրամանատարն ըլլար…

Տարի մը առաջ սկսայ աշխատակցիլ «Պուկիւն» օրաթերթին: Պիտի չստե՛մ: Չսկսած`  որոշ տարակուսանք ունեցայ: Որովհետեւ վստահ չէի,  թէ թերթը որքան թոյլատւութիւն  պիտի ցուցաբերէ  իմ արտայայտած մտքերուս եւ գործածած ոճիս հանդէպ: Եւ այս մէկ տարուան ընթացքին սիւնակիս մէջ արծարծեցի Թուրքիոյ մէջ  գրելու արգիլուած համարուող ամէ՛ն մէկ նիւթի մասին:  Գրեցի՛ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթէն սկսեալ մինչեւ քրտական հարցի մասին: Գրեցի՛ ազգայնամոլութենէն սկսեալ մինչեւ  կրօնամոլութեան եւ պահպանողականութեան մասին: Ըսի՛ ամէն ինչ, եւ` առանց ոեւէ մէկը խնայելու իմ քննադատութիւններուս մէջ: Այս բոլորը տեղի ունեցան եւ հրատարակուեցան իմ գրած բնագրէս առանց բառ մը իսկ զեղչուելու կամ փոխուելու թերթին գրաքննութեան կողմէ: Տեղի՛ն է,  որ այստեղ ես իմ շնորհակալութիւնը յայտնեմ թերթին խմբագրապետ Էրհան Պաշեուրթին, եւ արտօնատէր Ագըն Իփեքին, որ գրելու նման ազատութեան  անսովոր մրցարան մը ստեղծած ըլլալնուն համար:

Մինչ այդ բոլորս ալ իմացանք , որ թէ՛ Պաշեուրթը, թէ՛ «Պուկիւն» հեռատեսիլի ծրագիրները համադրող Թարիք Թորոսը արձակած են իրենց գործերէն: Այս պատահարը սաստիկ ցաւցուցած է զիս: Ինչպէս որ վերը ըսի, գրաւուած քաղաքի մը հեռագրական գրասենեակէն է,  որ կը ղրկեմ այս հեռագիրը: Թէեւ ճշմարտութիւն  է, որ ո՛չ մէկ գրաւում, ո՛չ մէկ բռնապետութիւն յաւիտենական չի կրնար ըլլալ:

Օր մը Թուրքիոյ մէջ մամուլը ամբողջովին ազատ պիտի ըլլայ: Եւ երբ այդ օրը հասնի, այս օրերն ու անոնց հետ բերուած լայնատարած ամօթը  արժանաւորապէ՛ս պիտի արձանագրուին մեր պատմութեան մէջ:

* Օրհան Քեմալ Ճենկիզի այս գրութիւնը լոյս տեսաւ թրքական «Զաման» օրաթերթի 30 հոկտեմբեր 2015-ի համարին մէջ: Գրութեան կցուած է «Զաման»-ի խմբագրութեան հետեւեալ նոթը.

«Այս սիւնակը պէտք էր տպուէր «Պուկիւն»-ի 30 հոկտեմբեր 2015-ի համարին մէջ, բայց չտպուեցաւ… թերթը գրաւուած եւ անոր խմբագիրը գործէն արձակուած ըլլալուն պատճառով:  «Զաման»-ը կը տպէ այս յօդուածը, «Պուկիւն»-ին հետ իր համերաշխութիւնը շեշտելով:

Գրեց` ՕՐՀԱՆ ՔԵՄԱԼ ՃԵՆԿԻԶ *
Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Տեղահանութեան Երթուղի` Կիւմիւշհաճըքոյից Դէպի Վաքըֆլը Գիւղ

Յաջորդը

Գրախօսական. Ողջոյն Յուշամատեանին

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?