ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Համանախագահներու շրջան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, «Ա.») նախագահները խոստացան հանդիպիլ մինչեւ տարեվերջ: Համանախագահները արտաքին գործոց նախարարներուն հետ նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարեն այդ ուղղութեամբ: Կ՛ակնկալենք, որ հանդիպումին ընթացքին նախագահները կը քննարկեն լուծման հիմնական տարրերը: Մենք անոնց կոչ կ՛ուղղենք օգտագործելու կարելիութիւնը` նուազեցնելու համար լարուածութիւնը, վերջ դնելու բռնութեան եւ խուսափելու զոհերէն, ներառեալ անմեղ քաղաքացիներու շրջանակին մէջ»:
Պատասխանելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մասին փորձագէտներու եւ քաղաքագէտներու այն կարծիքին, թէ տեղի ունեցողը «բանակցութիւններ յանուն բանակցութիւններու» է, Ուորլիք ըսաւ. «Դիւանագիտութիւնը այլընտրանք չունի: Առանց համանախագահներու աշխուժ միջնորդութեան եւ բանակցութիւններուն մէջ կողմերու մասնակցութեան, զինուորական ճամբով տագնապին լուծման վտանգը կը մեծնայ: Անցեալ հոկտեմբերին կողմերը խոստացան աշխուժացնել երկխօսութիւնը, եւ յուսանք, որ յառաջիկայ հանդիպումը անոնց հաղորդակցման համար նոր խթան պիտի հանդիսանայ»:
Անդրադառնալով տագնապին խաղաղ լուծման ու համաձայնագիրի ստորագրման խոչընդոտող խնդիրներուն, ամերիկացի համանախագահը յայտնեց. «Խաղաղութեան մեծագոյն խոչընդոտը բանակցութիւններու միջոցով խնդիրի արդար եւ տեւական լուծման հասնելու ուղղուած քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Մենք բազմիցս նշած ենք, որ բանակցային միջոցներով ձեռք բերուած լուծումը տեւական ժամանակ այս տագնապէն վնասուած շրջանին պիտի բերէ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում: Համանախագահները պիտի շարունակեն այս տագնապին լուծման ուղղուած իրենց ջանքերը, այնքան ատեն որ տակաւին կողմերը կարեւոր կը նկատեն մեր դերը, սակայն վերջնական որոշումը պէտք է տան նախագահները»:
Պատասխանելով «պարոն համանախագահ, չէ՞ք կարծեր, որ վերջին միջադէպը, երբ ազրպէյճանական կողմը կրակոց արձակեց դիտարկումի առաքելութիւն կատարող ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչներուն եւ համանախագահներուն ուղղութեամբ, ինքնին խոչընդոտներէն մէկն է, այն առումով, որ կը բացակայի վստահութեան տարրը» հարցումին Ուորլիք ըսաւ. «Միջադէպը, որ արձանագրուեցաւ համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի դէտերու շփման գիծը անցնելու ընթացքին, անընդունելի է: Անկարելի է որոշել, թէ ո՛ր կողմը հրահրած է յարձակումը, ինչ որ կատարուած էր դիտաւորեալ եւ նպատակաուղղուած էր բանակցային հոլովոյթը խաթարելուն: ԵԱՀԿ-ի դէտերը կարեւոր գործառոյթ կը կատարեն շփման գիծին երկայնքին, ինչպէս նաեւ` միջազգային սահմանին վրայ` նպաստելով կայունութեան եւ անվտանգութեան: Անոնց անվտանգութիւնը երբեք պէտք չէ վտանգուի»: