Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Բուռն Կերպով Կը Հակազդէ Ուորլիքի Թուիթըրեան Գրառումին

Նոյեմբեր 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Baku_110815

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ «Թրենտ»-ին յայտնած է, որ նկատի ունենալով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները չեն յաջողած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման համար նոյնիսկ չնչին յառաջդիմութիւն մը ձեռք բերել, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք իրաւունք եւ պատճառ չունի այլ կազմակերպութիւններու` նշեալ տագնապի լուծման վերաբերեալ որեւէ խորհուրդ տալու եւ յանձնարարութիւն կատարելու:

Հաճիեւ կը մեկնաբանէր Ուորլիքի` «Թուիթըր»-ի վրայ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ որդեգրուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող խնդրայարոյց բանաձեւին վերաբերեալ կատարած այն գրառումը, որուն մէջ գրած էր, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը կամ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ այս նիւթով զեկուցում կամ բանաձեւ հրապարակելէ առաջ պէտք է խորհրդակցին Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:

Հաճիեւ Մինսքի խմբակին գործունէութիւնը որակած է «անբաւարար»: «Միւս կողմէ, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ, որոնք կը փորձեն նպաստել տագնապին լուծման, կարիք չունին խորհրդակցելու անիմաստ աշխատանք տանող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ: Ընդհակառակն` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, մասնաւորաբար Ճէյմս Ուորլիքը հակամարտութիւնը լուծելու համար պէտք է հետեւի եւ նկատի ունենայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ ընդհանուր ժողովի որոշումները, որոնք կ՛արտայայտեն միջազգային համայնքին կամքը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Անոնք նաեւ պէտք է նկատի ունենան Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի, Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու առնչակից որոշումները»:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի այսպիսի ոչ ազդու գործունէութիւնը ի շահ Հայաստանի է` շարունակելու համար իր նախայարձակ քաղաքականութիւնը եւ պահպանելու ներկայ սթաթիւս քոն», յայտնած է Հաճիեւ` աւելցնելով. «Չէ բացառուած, որ Ուորլիք մէկ մասնիկն է Հայաստանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ծառայող ծրագիրին»:

 

 

Նախորդը

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Օրէնսդրական Նիստին Մասնակցելու Իմաստով Իր Վերջնական Որոշումը Պիտի Յայտարարէ Վաղը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Կոմիտաս Վարդապետի Յուշարձանի Պաշտօնական Բացում

RelatedPosts

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով
Գլխաւոր լուրեր

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Հոկտեմբեր 24, 2025
Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան
Հայկական

Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?