
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած օրէնսդրական նիստին մասնակցելու իմաստով, Կեդրոնական կոմիտէն իր վերջնական պատասխանը պիտի տայ վաղը` երեքշաբթի օր:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շարունակէ քննարկել անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստին մասնակցելու հեռանկարները:


