Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհրաժեշտութեան Օրէնսդրութեան Նիստին Մասնակցութեան Պատկերը Կը Մնայ Անորոշ

Նոյեմբեր 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rayi_geagea_kanaan_110815

Հինգշաբթի, 12 եւ ուրբաթ, 13 նոյեմբերին խորհրդարանին գումարելիք անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան նիստին մասնակցութեան պատկերը կը մնայ անորոշ` նկատի ունենալով կարգ մը երեսփոխանական պլոքներուն կեցուածքները, ինչպէս նաեւ այդ նիստին մասնակցելու իմաստով անոնց տալիք վերջնական որոշումները:

Այս առումով հիմնական բացակաները կրնան ըլլալ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն երեսփոխանական պլոքները, որոնք անհրաժեշտ կը նկատեն օրէնսդրական նիստին քննարկելիք օրակարգին վրայ ունենալ նաեւ ընտրական օրինագիծը:

Օրէնսդրական նիստին մասնակցելու մանրամասնութիւնները քննարկելու առումով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շաբաթ երեկոյեան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին միացաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ գործուղուած էր համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այս կամ այն օրինագիծին դէմ չէ, սակայն կը փափաքի, որ օրէնսդրական նիստին օրակարգին վրայ ըլլան նաեւ ընտրական եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու օրինագիծերը: Միւս կողմէ, Քանաան նշեց, որ իրենք պատրաստ են ազգային իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնելու, պայմանով որ իշխանութիւնը բաժնեկցելու եւ միասին գործելու սկզբունքը յարգուի:

«Տնտեսական եւ ելեւմտական առաջնահերթութիւնները կը յարգենք, սակայն անհրաժեշտ կը գտնենք նաեւ ընտրական եւ քաղաքացիութեան օրինագիծերու քննարկումը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ արտասանած երէկուան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերուն պատասխանատուները շեշտած են, թէ երկրի պետական հաստատութիւններու աշխատանքին սառեցումը Լիբանանի դրամական եւ տնտեսական կայունութեան վտանգ կը սպառնայ:

Ան նշեց, որ երկիրը այս կացութեան մատնուած է, որովհետեւ խորհրդարանը թերացած է նախագահական ընտրութիւն եւ ապա օրէնսդրութիւն կատարելու առումով:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական ուժերուն եւ խորհրդարանին թեքնիք աշխատանքով մը սրբագրելու դրամական այս հարցը, որուն պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապը կրնայ աւելի եւս բարդանալ:

Ան յայտնեց, որ այս հանգրուանին խորհրդարանը չի կրնար երկփեղկուիլ եւ ամէն բան խանգարել` հարց տալով, որ ինչո՞ւ ազգային անհրաժեշտութիւն նկատուող ընտրական օրինագիծն ու քաղաքացիութիւն շնորհելու վերաբերող օրէնքի նախագիծը չեն ներառուած օրակարգին մէջ, երբ կան քաղաքական ուժեր, որոնք կը պահանջեն անոնց քննարկումը:

Պէտք է աւելցնել, որ Ժահժահ այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի յայտնէ օրէնսդրական նիստին մասնակցելու առումով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեցուածքը:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ օրէնսդրական նիստէն բացակայող երեսփոխանական պլոքները աւելի ուշ արձանագրուելիք հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Աֆրամ Բ. Պատրիարքն Ու Սոլպըրկը

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?