Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Աֆրամ Բ. Պատրիարքն Ու Սոլպըրկը

Նոյեմբեր 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_norwegian_110815

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց յոյն ասորի համայնքի Անտիոքի եւ համայն արեւելքի Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Նորվեկիոյ վարչապետ Իրնա Սոլպըրկ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ քննարկուած են Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ շրջանին դիմագրաւած տագնապները լուծելու նախաձեռնութիւններ:

Վարչապետ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Սոլպըրկի` Նորվեկիոյ կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութեան համար` յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդուին:

Իր կարգին, Սոլպըրկ բարձր գնահատեց սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած հիւրընկալումը` ընդգծելով, որ Նորվեկիոյ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանի կառավարութեան, մինչեւ որ սուրիացի գաղթականութեան հսկայ հարցին լուծում մը գտնուի:

Սոլպըրկ ընդգծեց, որ Նորվեկիա նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին աւելի քան քսան հազար նորվեկիացի զինուորներ մասնակցած են հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն խաղաղապահ առաքելութեան:

Վարչապետ Սալամ ասուլիսը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանան Նորվեկիոյ կողմէ նկատառելի աջակցութիւն կը ստանայ` սուրիացի գաղթականներուն իբրեւ օժանդակութիւն:

Պատասխանելով լրագրողներուն կողմէ ուղղուած հարցումի մը` վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ աղբի տագնապին լուծման քննարկումը ընթացքի մէջ է:

 

Նախորդը

«Նախագահական Աթոռի Թափուր Մնալուն Ընթացքին Օրէնսդրական Աշխատանք Կարելի Չէ Կատարել» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Յաջորդը

Անհրաժեշտութեան Օրէնսդրութեան Նիստին Մասնակցութեան Պատկերը Կը Մնայ Անորոշ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?