Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բեմ 2000» Թատերախումբը Ներկայացուց «100 Տարի Ետք` Կամուրջին Տակ» Տխուր Կատակերգութիւնը

Նոյեմբեր 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

pem_110815

Անցնող շաբաթավերջին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, համագործակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան,  «ԲԵՄ 2000» թատերախումբը 3 ելոյթներով հանրութեան առջեւ հանդէս եկաւ «100 տարի ետք` կամուրջին տակ» տխուր կատակերգութեամբ, հեղինակ եւ բեմադրիչ` Վարդան Մկրտիչեան:

«Ազդակ»-ի հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Վարդան Մկրտիչեան յայտնեց, որ  երկար տարիներու ընթացքին իր մտքին մէջ եղած մտածումները  որոշած է թատերախաղի վերածել, որովհետեւ ասիկա միակ ձեւն էր միտքը տեղ հասցնելու: Ան ըսաւ, որ իր մօտեցումը բոլորովին կը տարբերի սովորական ներկայացումներէն` այն առումով, որ ուղղակի կը խօսի իբրեւ սփիւռքահայ մեր ունեցած սխալներուն մասին` աւելցնելով, որ ուզած է այս թատրերգութեամբ տարբեր ուղղութիւն որդեգրել: «Մենք` իբրեւ սփիւռքահայ, տակաւին շատ բան ունինք սրբագրելիք մեր գաղութին մէջ, որովհետեւ պատմութիւնը առնչուած է մեր գաղութին: Բոլոր այն մտքերը, որոնց մասին կը բողոքէի, դրի այս գործին մէջ», հաստատեց բեմադրիչը:

Նիւթը 3 անտուններու մասին է, որոնք կ՛ապրին կամուրջին տակ. Հայկը (Յարութ Թորոսեան)` նախապէս հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ, ցնորած է եւ կը խօսի բանաստեղծութիւններով: Ան անդադար իսկական հայը, նաեւ տուֆ քարը գտնելու փնտռտուքի մէջ է: Զաւէնը (Վարդան Մկրտիչեան), որ հաշմանդամ է եւ անտուն դարձած է շատ բարի ըլլալուն համար, սակայն իր յոյսը չէ կորսնցուցած բարութեան նկատմամբ եւ միշտ կը փորձէ օգնել ուրիշներուն: Սաթենիկը (Այտա Սրապոնեան)  անտուն մնացած է չար մտածելակերպ ունենալուն համար: Իրեն համար մարդկութիւն եւ բարութիւն գոյութիւն չունին, եւ մինչեւ ներկայացման վերջին վայրկեանը չարութիւն կը գործէ: Այս երեքին մօտ կը յայտնուի 15 տարեկան համր աղջիկ մը (Անժելինա Սարգիսեան), որ վիճակախաղ կը ծախէ եւ գիշերով փախուստ կու տայ 2 փողոցային տղոցմէ (Յարութ Սիմոնեան եւ Սիմոն Պէրպէրեան), որոնք վիճակախաղի կողքին իրեն նաեւ թմրեցուցիչ կու տան, որ ծախէ, բայց աղջիկը գիտակից ըլլալուն պատճառով միշտ կը մերժէ ծախել թմրեցուցիչը ի գին ամէն բանի, նոյնիսկ իր կեանքին, որուն անձնասպանութեամբ վերջ կու տայ: Ներկայացման մէջ կը յայտնուին նաեւ 2 համալսարանական ուսանողներ (Քրիսթինա եւ Բալիկ Սրապոնեաններ), որոնք իրենց աւարտաճառը կ՛ուզեն նուիրել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ կամուրջին տակ կու գան, որպէսզի  նկարահանում կատարեն:

Աւարտին կը յայտնուի նոր անտուն մը (Կրասիա Սրապոնեան), որ կը խորհրդանշէ կեանքի շարունակականութեան:

Ներկայացման մէջ կան հայոց լեզուի բոլոր տարբերակները. ռամիկ լեզուէն անցնելով խօսակցական եւ մինչեւ գրական լեզու:

Թատերախաղին միտքը եւ ըսելիքը կը կայանան Համօ Սահեանի բանաստեղծութիւններէն հետեւեալ տողերուն մէջ, որոնք աւարտին կը հնչեն Հայկի «փիլիսոփայութեան» ընդմէջէն.

«Ջուրն ընկանք, կրակն ընկանք չմեռանք, բայց եւ չամրացանք.

Խլացանք շատ լսելուց, իսկ շատ լռելուց համրացանք.

Որպէսզի թեթեւ ապրենք, մէկ մէկ ուսին ծանրացանք.

Ախր մենք ափսոս էինք, այս ինչու այսքան մանրացանք»:

Բեմին վրայ զետեղուած կամուրջի մը կողքին կը գտնուէր նաեւ հսկայ ցուցապաստառ մը, որ ծանուցողական եւ թատրոնի հետ առնչութիւն ունեցող պատկերներու, ինչպէս նաեւ երկու համալսարանականներու նկարահանած ժապաւէնի ցուցադրութեան կը ծառայէր:

Արդարեւ, Վարդան Մկրտիչեան իր շուրջ համախմբելով գաղութի հանրածանօթ դերասանները, անգամ մը եւս յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որ ի յայտ եկաւ ներկայացման աւարտին` հանդիսատեսներու գնահատանքներուն ընդմէջէն:

Յայտնենք, որ ներկայացումները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ շաբաթ, 14 եւ կիրակի, 15 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն». «Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարը Պէտք Է Դառնայ Առաջնահերթ Խնդիր, Հաստատուի Կազդուրման Կեդրոն Մը Եւ Աշխատանքները Իրականանան Յաւելեալ Լրջութեամբ».«Բաց Քննարկում»-ի 6-րդ Յայտագիրին Հաստատեց Յակոբ Լատոյեան

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?