ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ներկայացուցչական 45-րդ ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող 10 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն:
Ժողովը հանգամանօրէն քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում, եղան առաջարկներ յառաջիկայի գործունէութեան համար եւ ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Շրջանային վարչութեան նոր կազմ:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ 45-ՐԴ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ