Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՈՐԴԵԳՐԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲՈԼՈՐ ՇԵՐՏԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՀՈՎՈՂ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ ՄԸ

August 26, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Զապատանի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի նախագահական հովոցին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց կարգ մը երկիրներու հետ Լիբանանի ունեցած յարաբերութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջինիս Լիպիա գործուղուելուն վերաբերող արդիւնքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ներկայացուցիչ Ապտալլա Զապատանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին իրենց խորհուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած ճանաչումին համար, ինչպէս նաեւ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ գտնուող լիպիական գումարներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լեռնալիբանանի Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Մահմուտ Ապտել Խալեքի: Պատուիրակութիւնը կոչ ուղղեց նախագահ Սլէյմանին վերսկսելու Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն` նկատել տալով, որ իրենք համաձայն են համամասնական դրութեան վրայ ընտրական օրէնք մը մշակելու գաղափարին:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շեշտեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով Լիբանանի համար ընդարձակ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական արդիական օրէնքի մը վաւերացման անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ, որ նման ընտրական օրէնք մը արդար եւ ժողովրդավար պետութիւն մը կերտելու ճիշդ մուտքը կը նկատուի:

Հանրապետութեան նախագահը կը ստանձնէ Բրիտանիոյ նոր դեսպանին հաւատարմագիրները

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Թոմաս Ֆլեչըրը, որ իր լիազօրագիրն ու հաւատարմագիրը յանձնեց նախագահին:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահին մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման տեղեակ պահած է նախարարները, թէ ներկայ հանգրուանը չ՛արտօներ կառավարութեան հրաժարումը, յատկապէս հարցի մը համար, որ թեքնիք բնոյթ ունի եւ ոչ թէ քաղաքական:

Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ նախագահ Սլէյման կը փափաքի ելեկտրականութեան տագնապին թղթածրարը միասնականութեամբ լուծել:

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Յաջորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.