Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

August 26, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` Ռամատանի առիթով իր ուխտը կատարելու համար:

ԱՆԾԱՆՕԹՆԵՐ 4 ձեռնառումբեր նետեցին Ժտէյտէի Ռուայսաթ շրջանին մէջ գտնուող Մար Էլիաս պենզինի կայանին վրայ: Պայթումը պատճառեց երկու վիրաւոր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ նշեց, որ ելեկտրականութեան տագնապին շուրջ տարակարծութիւնները քաղաքական են:

ԼԻՊԻՈՅ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ներկայացուցիչ, Լիպիոյ արտաքին ապահովութեան կառոյցի պատասխանատու Ապտալլա Զայտանի յայտնեց, որ Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆի իմամ Մուսա Սատըրը սպաննել տուած է` աւելցնելով, որ իրենք շատ խիստ պիտի վարուին այս հարցով Քազզաֆիի մեղսակիցներուն հետ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ բազմաթիւ քաղաքական կողմերու շահերուն կը ծառայէ ներկայ կառավարութիւնը վերածել ընթացիկ հարցեր վարելու կառավարութեան:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ երկխօսութեան չգոյութիւնը կը սաստկացնէ լարուածութիւնը, իսկ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը կ՛ենթադրէ հրաժարիլ անձնասիրութենէ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ խորհրդարանը պէտք է սերտէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանքի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը մերժած է, որովհետեւ ան այդ ծրագիրի վաւերացման փոխարէն քաղաքական պահանջներ ունի իրականացնելիք:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ մեծամասնութեան մաս կազմող աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան հրաժարականին մասին խօսիլը դատարկաբանութիւն է եւ երեւակայութիւն:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը յետաձգուած է հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին միջեւ խորհրդակցաբար:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ բանակ, ժողովուրդ եւ Դիմադրութիւն տարազը փաստած է, որ Լիբանանի մէջ կրնայ մեծ նուաճումներ իրագործել:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Էլիաս Մըր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

ԻՐԱՆ Կ՛ՈՒԶԷ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՀՆՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ ԱՐՏԱԾԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՏԵԼ ՌԱՀԻՄ ՄԸՐԱՏԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.