Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալիոյ Ապրուցցօ Նահանգը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

October 30, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Abruzzo_102915

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ Ապրուցցօ նահանգի նահանգային խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւին մէջ զօրակցութիւն կը յայտնուի հայ ժողովուրդին եւ պատմական ճշմարտութեան ճանաչման ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար անոր պայքարին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:

Փաստաթուղթի նախագիծը ներկայացուցած նահանգային խորհուրդի անդամ, իշխող Ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Լուչիանօ Մոնթիչելլի բանաձեւի որդեգրումէն ետք յայտարարած է. «Այսօր մենք գեղեցիկ էջ մը գրեցինք մեր նահանգի քաղաքական պատմութեան մէջ: Այսպիսի կարեւոր հարցի վերաբերեալ բանաձեւի միաձայն որդեգրումը նահանգային խորհուրդի հասունութեան մեծ վկայութիւնն է: Յոյսով եմ, որ մեր ամէնօրեայ հոգերէն այդքան հեռու անցեալին մէջ տեղի ունեցած անարդարութիւններու մասին յիշողութիւնը մեզ առաջնորդէ դատապարտելու նաեւ մեր օրերուն տեղի ունեցող հետապնդումներն ու բռնութիւնները եւ գործնական օգնութիւն ցուցաբերելու անոնց զոհերուն»:

Ապրուցցոյի նահանգային խորհուրդը Իտալիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մակարդակով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 99-րդ խորհուրդն է:

Նախորդը

«Արմէն» Ճամբարը Վերադարձուած Է Պայմաններով

Յաջորդը

Իտալիոյ Ռաւեննա Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան  Յետընթացի Վերաբերեալ Ընդդիմութեան Նախագիծը  Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ Չընդգրկուեցաւ
Հայկական

Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Յետընթացի Վերաբերեալ Ընդդիմութեան Նախագիծը Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ Չընդգրկուեցաւ

November 18, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Նախաձեռնութեամբ  Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցով  Լսումներ` Խորհրդարանին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Նախաձեռնութեամբ Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցով Լսումներ` Խորհրդարանին Մէջ

November 17, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Հայկական

Տապլինի Մէջ Որդեգրուեցաւ Եւրոպայի Ապահովութեան Սկզբունքներու Հռչակագիրը, Որուն Չմիացան Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.