Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «Պէտք Է Աշխատանք Տանիլ Համակարգին Նկատմամբ Քաղաքացիին Վստահութիւնը Շահելու»

Հոկտեմբեր 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated52

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 28 հոկտեմբերին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին անդրադարձած է «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքին մէջ» եւ «Նոյնացման քարտերու մասին» Հայաստանի օրէնքներուն մէջ  փոփոխութիւն կատարելու մասին նախագիծի թղթածրարներուն: Ան շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ առկայ է համակարգային հարց, որ կառավարութեան կը վերաբերի, որովհետեւ Հայաստանի մէջ քաղաքացիներուն մէկ մասը միայն նոյնացած քարտ ունի, այլ մաս մը թէ քարտ ունի, թէ սովորական անձնագիր, իսկ ուրիշներ ունին նաեւ կենսաչափական անձնագիր:

Ըստ Վարդանեանի, այս բոլորը խառնաշփոթ կը ստեղծեն, յատկապէս քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու առումով: «Մենք ընդհանրական` պետական միասնական քաղաքականութիւն իրականացնելու, կառավարման խնդիր ունինք: Անկախ հանրաքուէէն, այս հարցին պէտք է վերջնական լուծումներ տրուին: Իրավիճակային լուծումները, կարկտաններով աշխատիլը ամէնէն վատ բանն է: Մեր բոլոր քաղաքացիները պէտք է ունենան անձը հաստատող միասնական փաստաթուղթ», դիտել տուած է ան` շեշտելով, որ այս հարցով պէտք է զբաղիլ իսկոյն, առանց յետաձգումներու:

Աղուան Վարդանեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ պէտք է աշխատանք տանիլ ո՛չ միայն քաղաքացիին ընտրական իրաւունքները ճշդելու առումով, այլ համակարգին նկատմամբ անոր վստահութիւնը շահելու առաջադրանքով:

«Եւ պէտք չէ ընտրութիւններուն հանդէպ վստահելիութիւնը անընդհատ վերագրել քաղաքական ուժերուն` վերահսկեցէ՛ք, թոյլ մի՛ տաք, որ խախտումներ ըլլան: Համապետական ընտրութիւններուն համար պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ պետութիւնը: Մենք այս մէկը պէտք է նկատի ունենանք  նոր ընտրական օրէնսգիրքը մշակելու ատեն: Կը կարծեմ, թէ մեր առաջարկը այս պահուն կը լուծէ այս խնդիրը», հաստատած է ան:

Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը գրաւոր առաջարկ ներկայացուցած է, որ նոյնացման քարտ ունեցողներուն տրուի նաեւ համապատասխան տեղեկանք` քարտի թիւով, որ պիտի կնքուի եւ պիտի մնայ ընտրական տեղամասին մէջ: Մնացածը թեքնիք հարցեր են, որոնք պարտաւոր են լուծել պատկան մարմինները, շեշտած է Վարդանեան:

«Մենք պէտք է քայլերու ձեռնարկենք, որպէսզի մինչեւ յաջորդ համապետական ընտրութիւններ մեր բոլոր քաղաքացիները ունենան անձը հաստատող միասնական փաստաթուղթ: Ատիկա կրնայ ըլլալ նոյնացման քարտը: Վստահ եմ, որ գումար կը գտնուի այդ նպատակի համար: Ասիկա կարելիութիւն պիտի տայ անցնելու  քուէարկութեան ժամանակակից ելեկտրոնային համակարգի, եւ վերջապէս բնական ընտրութիւններ կայացնելու: Երկրին բնականոն զարգացման միակ ուղին ա՛յս է», եզրափակած է Աղուան Վարդանեան:

 

 

Նախորդը

Սպանիոյ Ալտայա Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Ճ. Ուորլիք. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Համաձայնած Են Հանդիպիլ»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?