Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակային Քննարկում – Արձագանգ. ՄԻԵԴ-ը Վտանգե՞ց Հրէական Ողջակիզումը Ժխտելը Քրէականացնող Օրէնքները

Հոկտեմբեր 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harout-Tchekidjian_102815

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

21 հոկտեմբեր 2015-ին Ամերիկայի Հրէական հանրային աշխատանքի խորհուրդը (JCPA), որ համայնքը հովանաւորող կազմակերպութիւն է, իր ժողովէն ետք հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը (Ասպարէզ, 22 հոկտեմբեր 2015 http://asbarez.com/140965/jewish-public-policy-umbrella-calls-on-us-to-recognize-armenian-genocide/), ուր կոչ կ՛ուղղէր Ամերիկայի` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ ժողովին կողմէ որդեգրուած որոշումին պատճէնը հրապարակած է իր կայքին մէջ (https://org2.salsalabs.com/o/5145/c/1625/images/Resolution_on_Aremenian_Genocide_10.13.pdf ): Իր շահեկանութեան համար ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ որոշումը, որ ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը կը թուի ըլլալ:

Արդեօք զուգադիպութի՞ւն է այս որոշումին կայացումը խօսքի ազատութեան վերաբերեալ ՄԻԵԴ-ի ծանօթ վճիռէն քանի մը օր ետք, թէ՞ այս կազմակերպութիւնը յանկարծ խղճի խայթէ մղուած այսքան համապարփակ, գործնական եւ տպաւորիչ որոշում տուած է:

«Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Որոշում
Որդեգրուած Հոկտեմբեր 2015»

«Պատմաբաններ եւ գիտնականներ մեզի կ՛ըսեն, թէ հայ ժողովուրդը զոհ գացած է քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան Օսմանեան թուրքերու կողմէ` նախորդողը այսօրուան Թուրքիոյ: Մօտաւորապէս 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան կամ վտարուեցան իրենց տուներէն եւ տեղահանուեցան: 2015 տարին հարիւրամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան սկզբնաւորութեան: Թուրքիոյ կառավարութիւնը մինչեւ այսօր կը մերժէ ընդունիլ, որ այսպիսի ցեղասպանութիւն պատահած է:

Հայոց ցեղասպանութիւնը հեռաւոր յիշողութիւն մըն է վերապրողներու զաւակներուն միտքերուն (հոգիներուն) մէջ: Սակայն, հսկայական թիւով վաւերագրութիւններ գոյութիւն ունին վայրագութիւններու մասին, մասնաւորապէս Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան  Հենրի Մորկընթաուի կողմէ արձանագրուած: Այսուհանդերձ, Հիթլեր 1939-ին ըսաւ. «Ամէն բանէ ետք, այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու բնաջնջումին մասին»:

Հրէական համայնքները, իբրեւ թիրախը քսաներորդ դարու ամէնէն գէշ ցեղասպանութիւններէն մէկուն` կապ ունին հայ ժողովուրդին հետ, այստեղ` Միացեալ Նահանգներու եւ արտասահմանի մէջ: Մենք բարոյական պարտաւորութիւնը ունինք աշխատանք տանելու հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու:

Ցեղասպանութիւն բառը ստեղծուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ճիշդ առաջ, եւ Ողջակիզում բառը գործածութեան մէջ չէր դրուած նկարագրելու համար հրեաներուն պատահածը մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտը: Սակայն «ցեղասպանութիւն» եզրը կարելի է վերագրել սպանդներու, որոնք կը համապատասխանեն ցեղասպանութեան սահմանումին, կատարուելէն ետք:

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տակաւին չէ որոշած ինչ եզր օգտագործել հայ ժողովուրդին պատահածին, զանազան պատճառներով: Ամէնէն բացայայտը` մտավախութիւն, որ օգտագործելիք եզրը պիտի վնասէ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութեան: Թուրքիան կը տարածուի արեւելքի եւ արեւմուտքի մէջ: Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ արտօնութեան կարիքը ունին սաւառնելու իր հողերուն վրայով, նեցուկ կանգնելու Իրաքի մէջ իր գործողութիւններուն, Իրանը հակակշռելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու:

100 տարի անց ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներ առերեսուի իրականութեան հետ եւ ճանչնայ 1915-ի եւ յաջորդող տարիներու պատահարները իբրեւ ցեղասպանութիւն: Առնուազն 1951-էն սկսեալ շատ մը վկայութիւններ կատարուած են Միացեալ Նահանգներու պետական պաշտօնէութեան. քոնկրեսին եւ նախորդ նախագահներու կողմէ այն մասին, որ հայութեան հանդէպ պատահածը ցեղասպանութիւն է: Ասոնք ընդհանրապէս կատարուած են յիշատակի ձեռնարկներու ընթացքին, ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան սկիզբը: Բայց քոնկրեսի մէջ պաշտօնական ճանաչում ապահովելու աշխատանքները ձախողած են, ընդհանրապէս Թուրքիոյ հաշուոյն լոպիինկ կատարելու իբրեւ հետեւանք:

Նախագահ Պարաք Օպամա իբրեւ ծերակուտական խոստացաւ քոնկրեսին մէջ նեցուկ կանգնիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին: Իբրեւ նախագահական թեկնածու, կրկին խոստացաւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց երբ նախագահ դարձաւ, քաղաքական իրականութիւնները արգելակեցին այսպիսի քայլ առնել:

Ներկայիս 23 օտար երկիրներ, շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ եւ Միացեալ Նահանգներու 44 նահանգներ ճանչցած են, որ ցեղասպանութիւն գործադրուած է հայերուն դէմ: Հրէական հետեւեալ կազմակերպութիւնները The Union for Reform Judaism, Anti-Defamation League, American Jewish Committee նախապէս դիրքորոշուած են արդէն` ճանչնալով (Հայոց) Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ` կարգ մը եկեղեցիներ:

Հրէական Հանրային աշխատանքի խորհուրդը կը հաւատայ`

–  Հրեայ ժողովուրդը պահանջած է աշխարհէն վկայելու Ողջակիզումը: Ինչպէս կ՛ըսենք «Երբեք նորէն», նմանապէս մենք պէտք է վկայենք այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը եւ ըսենք «Երբեք նորէն»:

–  Մենք շատ կը չարչարուինք նուազեցնելու համար մեր տառապանքը եւ ցեղասպանութեան փորձառութիւնը, եւ որպէս հրեաներ բարոյական պատասխանատուութիւնը ունինք (ճիշդ) անուանում տալու ուրիշին փորձառութեան:

–  Պէտք չէ արտօնենք, որ պահուան քաղաքականութիւնը կամ Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները շեղէ մեր բարոյական պարտաւորութիւնը` ճանչնալու հայ ժողովուրդին տառապանքը:

–  Կոչ կ՛ուղղենք մեր քոնկրեսին եւ նախագահին` պաշտօնապէս իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն ճանչնալու, այն ինչ, որ սկսաւ 1915-ին Օսմանեան թուրքերուն ձեռքով, որուն պատճառով սպաննուեցան եւ տեղահանուեցան շուրջ 1,5 միլիոն հայեր:

Համայնքի յարաբերական մարզը պէտք է`

–  Խորհրդակցի եւ աշխատի Հայկական ազգային կազմակերպութիւններուն հետ` յառաջ տանելու Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նպատակը:

–  Խորհրդակցի եւ աշխատի Հրէական գլխաւոր կազմակերպութիւններուն հետ` զարգացնելով անոնց գիտակցութիւնը այս նիւթով, եւ ապահովելու անոնց աջակցութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին:

–  Խորհրդակցի եւ աշխատի միջհաւատքի մեր դաշնակիցներուն հետ` յառաջ տանելու Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նպատակը:

–  Ստիպել մեր քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն, քոնկրեսին մէջ զօրավիգ կանգնելու Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին:

–  Կոչ ուղղել նախագահին, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Ինչ կը վերաբերի Փերինչեքի հարցին, հետեւեալ հարցումները կ՛ուղղեմ առ որ անկ է:

1.  Նախնական առաջին դատավարութեան ժամանակ ինչո՞ւ հայկական կողմը կը բացակայէր: Արդեօք եթէ երկրորդ դատավարութեան կշռոյթով ներկայ ըլլայինք, բառացիօրէն նոյն դատավճիռը պիտի տրուէ՞ր: Կը կասկածիմ: Հաւանաբար միայն խօսքի ազատութեան շուրջ վճիռ տրուէր առանց ըստ էութեան արծարծելու եւ կասկածի տակ առնելու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

2.  Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող երկիրներու օրէնքներու նախընթացը Հրէական ողջակիզումի պարագան է: Պէտք է ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այդ օրէնքը գոյացած է, եւ ինչպէ՞ս կը կիրարկուի:

Սկզբունքային առումով բնա՛ւ պէտք չէ հրաժարիլ ժխտողականութիւնը քրէականացնելու աշխատանք կատարելէ, մանաւանդ այն երկիրներուն մէջ, ուր հրէականը ժխտելը յանցագործութիւն կը նկատուի: Այստեղ երկու չափ եւ երկու կշիռ կարելի չէ հանդուրժել: Կա՛մ այս օրէնքը կը կիրարկուի բոլոր ցեղասպանութիւններու պարագային, կա՛մ կը վերցուի բոլորին պարագային:

Հայ դատի պահանջատիրութեան մէջ, չեն կրնար գոյութիւն ունենալ կարեւոր եւ նուազ կարեւոր խնդիրներ, առաջնահերթութիւն: Բոլոր ճակատներու վրայ նո՛յն ուժականութեամբ պէտք է տանիլ պայքարը` օգտագործելով բոլոր միջոցները:

22 հոկտեմբեր 2015

Նախորդը

«Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում Եւ Կանխարգիլում» Խորագիրով Երիտասարդական Համագումար Կաթողիկոսարանին Մէջ

Յաջորդը

«Քոչարեանը Սխալւում Է Եւ Ինքն Իրեն Հակասում» «Առաջին Լրատուական»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?