Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին, Եքաթերինպուրկի Ուրալը, 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ամքարի:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 84-րդ վայրկեանին:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ), ան փենալթիով նշանակեց Ուրալի 3-րդ կոլը:
Նշենք, որ հիւր կազմէն կը բացակայէր յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեանը` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ուրալ 19 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը: