
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացի բացակայութեան համար կը մեղադրէ Ազրպէյճանը: Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ռուս դիւանագէտը ընդգծած է, որ վերջերս առիթ ունեցած է լսելու 1990-ական թուականներուն հակամարտող կողմերու ղեկավարներու հանդիպումներու եւ արտասանած խօսքերու ձայնագրութիւնները: «Ես կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այդ ժամանակ Ազրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւ յայտարարած է, որ տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Մէկ այլ ձայնագրութեան մէջ Հայտար Ալիեւ կը յայտարարէ, որ պատրաստ է ամէն օր վերահաստատելու զինադադարը: Ազրպէյճանի ներկայ գործողութիւնները կը համապատասխանե՞ն այդ յայտարարութիւններուն, ես կը կարծեմ, որ պատասխանը բոլորին համար յստակ է, ի հարկէ` ոչ», ընդգծած է Քազիմիրով:
Նախկին համանախագահին համաձայն, քանի տակաւին չէ եղած այն փոխըմբռնումը, որ տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, կարելի չէ յոյս ունենալ, որ բանակցային հոլովոյթը կրնայ արդիւնք տալ: «Ասիկա կարեւորագոյն հանգամանք է, որ կը բխի նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած 4 բանաձեւէն: Բոլոր բանաձեւերուն մէջ առաջնային կը նկատուի զինուորական գործողութիւններու, հրադադարի խախտումներու դադրեցումը: Նաեւ պահանջ կայ վերցնելու շրջափակումը, վերականգնելու տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերը, սակայն մենք կը տեսնենք, որ մինչեւ այս պահը այս պահանջները չեն կատարուած», շեշտեց դիւանագէտը:
Քազիմիրով ընդգծեց, որ յաճախ Պաքուի կողմէ կը լսէ դժգոհութիւններ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործողութիւններուն եւ ընդհանրապէս այդ ձեւաչափին նկատմամբ, սակայն խնդիրը Մինսքի խմբակին մէջ չէ, այլ` հակամարտող կողմերուն: Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը, անոր համոզումով, պատրաստ են աշխատելու, որպէսզի այդ տագնապը լուծեն խաղաղ ճանապարհով, իսկ ազրպէյճանական կողմը այս պահուս պատրաստ չէ ատոր: «Յամենայն դէպս, այդ երկրի ղեկավարութիւնը չի հետեւիր նոյնիսկ Ազրպէյճանի համազգային ղեկավար նկատուող Հայտար Ալիեւի ցուցմունքներուն, որոնց մասին ես քիչ առաջ խօսեցայ», եզրափակած է Քազիմիրով:


