Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Քոնկրեսականներ Միացած Են Շփման Գիծին Վրայ Բռնութիւններուն Վերջ Տալու Կոչ Ուղղող Նամակին

October 27, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Congress_10-23-15

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն «Արմէնփրես»-ի յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ Ֆլորիտա նահանգի ներկայացուցիչներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Թետ Տէօչ միացած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ բռնութիւններուն վերջ տալու կոչ ուղղող նամակին, որ շուտով պիտի ուղարկուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքին:

Քոնկրեսականները ստորագրած են այն նամակը, զոր շրջանառութեան մէջ դրած են Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսը եւ քոնկրեսական Էլիոթ Էնկելը:

«Երբ բռնութիւնը եւ նախայարձակումը կը սկսին օրինաչափ դառնալ պատմականօրէն անհանգիստ տարածաշրջանի մը մէջ, մենք` իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնորդներ, պէտք է խիստ ըլլանք եւ կանխարգիլենք հետագայ բռնութիւններն ու որեւէ ռազմական գործողութիւն: Ահա թէ ինչու ես միացայ իմ պաշտօնակիցներուս Ճէյմզ Ուորլիքին ուղղուած նամակին, որով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կոչ կ՛ուղղուի` ապահովելու հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ կարգաւորում: Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար հարկաւոր է որքան կարելի է արագօրէն վերջ դնել Ազրպէյճանի նախայարձակման», ըսած է Պիլիրաքիս:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսը եւ Էլիոթ Էնկելը իրենց քոնկրեսական պաշտօնակիցները յորդորած էին միանալ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ խաղաղութեան պահպանման գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդ դերակատարութեան վերականգնման կոչին:

Քոնկրեսականները նամակ յղած են Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահին` առաջարկելով երեք քայլերէ բաղկացած իրենց ծրագիրը: Առաջին քայլն է` շփման գիծէն հեռացնել բոլոր արձակազէնները: Բացի ատկէ, Ռոյս եւ Էնկել կոչ կ՛ուղղեն աւելցնելու շփման գիծին վրայ կացութեան հետեւող ԵԱՀԿ-ի դէտերու թիւը, ինչպէս նաեւ նոյն կազմակերպութեան հովանիին տակ տեղադրելու ճակատային գիծին յատուկ թեքնիք միջոցներ, որոնք պիտի տեսագրեն եւ պիտի ձայնագրեն տեղի ունեցող բոլոր շարժումները:

 

 

Նախորդը

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Քննարկման Առարկայ Չէ, Անիկա Կարմիր Գիծ Է» Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Քազիմիրով Ազրպէյճանը Կը Մեղադրէ Բանակցային Հոլովոյթը Ձախողեցնելու Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.