ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
«Աւելի լաւ է մոմ մը վառել, քան անիծել խաւարը»
ԷԼԵՆԷՕՐ ՌՈՒԶՎԵԼԹ
(Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ա. տիկին (1933-1945)
Քաղաքագէտ, դիւանագէտ եւ հասարակական աշխուժ գործիչ)
Հոկտեմբեր ամիսը հայութեան եւ առհասարակ մարդկութեան համար արդիւնաւէտ քայլերու ժամկէտներով յատկանշուող ժամանակահատուած է: Մեր մօտ, հակառակ իր աշնանային կլիմային, առաւելաբար հոկտեմբերին է, որ գրասէրներն ու մտաւորականները կը համախմբուին ոգեկոչելու Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտը: Այս շրջանին է, որ կրթական մարզը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան` վերանորոգուելու մեսրոպեան աւիշով: Հասարակական-միութենական մարմիններ ամառնային կարճատեւ դադարէ ետք, դարձեալ կը համախմբուին հոկտեմբերեան ժամկէտին բերումով: Ու պատահական չէ, որ հայութեան յառաջատար ու կարեւորագոյն այդ միութիւններէն` Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) իր համահայկական ժողովը կը գումարէ հոկտեմբերի սկիզբը այն հաստատ հաւատքով, որ հոն ալ կը տիրէ մեսրոպեան հայաշունչ, օրհնաբոյր ոգին: Ու իրապէս, 4-9 հոկտեմբեր 2015-ին վեցօրեայ քննարկումներով խճողուած այդ ժողովը կու գար իր վճռական խօսքը փոխանցելու ՀՕՄ-ուհիին, հայուհիին, հայութեա՛ն, նաեւ` մարդկութեան, հայ ժողովուրդի թեւակոխած պատմական այս հանգրուանին: Պատմական` 1915-ի մէկուկէս միլիոն սրբադասուած զոհերու նահատակութեան հարիւրամեակի կրած մարտահրաւէրներով, Արցախի ու Ջաւախքի համեմատաբար ու երեւութապէս խաղաղ, բայց յարաճուն հոգածութեան արժանի հրամայականով, գրաւեալ հայրենի բնօրրանի հայաբոյր մթնոլորտի վերակենդանացման անխուսափելի պահանջով, հայրենամերձ տագնապահար հայօճախներու (Սուրիա, Իրաք) գոյութենական մտավախութիւններով եւ տակաւին` աշխարհասփիւռ հայութեան դիմագրաւած այլազան մարտահրաւէրներով:
Ժամանակակից ազգային, հասարակական, ընկերային այլազան միութիւններու տեսլականները միահամուռ ոճով դրսեւորող հայակերտ այս շրջուն հնոցը` ՀՕՄ-ը, որուն ժողովական նորագոյն կանգառը հայրենի մայրաքաղաք Երեւանն էր, ունէր եւ ունի՛ առանցքային վարկ` իր ծրագրային ռազմավարութեամբ, թիրախներով ու իրագործումներով:
ՀՕՄ-ի համահայկական ժողովին Երեւանի մէջ գումարումը եզակի բնոյթ ունէր, հողին կանչով տոգորուած խորհրդաւոր, իւրայատուկ համ ու հոտով կը համեմէր ժողովին մթնոլորտը: Ազգային արմատներուն, բնօրրանին կառչելու նոր խթանով անիկա կու գար ամրակուռ քար մը եւս զետեղելու Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման բուրգին վրայ: Հայրենասիրական վերանորոգ շունչով կ՛ոգեւորէր հազարաւոր մղոններու հեռաւորութենէն ժամանած հայուհիները: Արդարեւ, հոն էր ՀՕՄ-ուհին, հոն էր հայ կինը, մայրը, տանտիկինը, ուսուցչուհին, տնօրէնուհին, իրաւաբանուհին, պաշտօնեան, գործարարուհին, բարերարուհին, հաշուապահուհին, ճարտարապետուհին, լրագրողուհին, արուեստագիտուհին, բժշկուհին, հիւանդապահուհին, դոկտորը: Հոն էին բոլորը, օտար հորիզոններու տակ հայացած, հայացնո՛ղ գործունեայ հայուհիներու ընտրանին: Եկած էին բոլորը` ժողովին փոխանցելու իրենց ներկայացուցած շրջաններու պատգամները եւ իրենց անհատական ներդրումով լիցքաւորելու զայն: Եկած էին 1915-ին թուրքին գործած Եղեռնով տարտղնուած, դարերու խորքերէն սերունդ առ սերունդ փոխանցուող հայկական ոգին վերաթարմացնելու: Ժողովականներէն իւրաքանչիւրը նուիրեալ հայուհիներու մէկական տիպար մը կը ներկայացնէր: «Հայ կինը ինքզինք շատ լաւ գիտէ, ան ոչ միայն կը մտածէ, այլ կը զարմացնէ, հայ կինը Փառանձեմ է, հայ կինը Սօսէ Մայրիկ է, ան ճիգ չի խնայեր, որ իր զաւակները չթրքանան, չիսլամանան» կը հաստատէր սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ: Նոյնքան տպաւորիչ էր ՀՕՄ-ի մօտ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը, ուր ան իր զօրակցական մաղթանքի կողքին, իր խոր ուրախութիւնը կը յայտնէր «Ակնունիներու շունչով կազմակերպուած, հայատրոփ այս ձեռնարկին ներկայ գտնուելով» ու կ՛աւելցնէր. «ՀՅԴ-ի այս քոյր կազմակերպութիւնը թեւ առաւ եւ մասնակցեցաւ հայ ժողովուրդի կազմակերպման ճիգերուն: ՀՕՄ-ն ալ հայ ժողովուրդին հետ դարձաւ աքսորական, բայց չվարանեցաւ, աշխատեցաւ ու աջակցեցաւ հայ ժողովուրդի շինարարութեան գործին: Ընկերայինէն անդին` ՀՕՄ-ը նաեւ ունեցաւ իր ազգային ներդրումը հայ իրականութեան մէջ: ՀՕՄ-ը ՀՅԴ-ի կողքին ֆետայի ունեցաւ, ի՛ր ֆետայիները, վկայ` Սօսէ Մայրիկը: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը նոր թափ տուաւ ՀՕՄ-ի գործունէութեան ու անիկա ներառեց Ջաւախքն ու Արցախը: ՀՅԴ-ն ձեր կողքին է ու պատրաստ` օժանդակելու: Դո՛ւք էք Հայաստանը, դո՛ւք էք հայրենիքը, պատի՛ւ ձեզի, ընկերուհիներ»:
Վեցօրեայ քննարկումներու լայնածիր դաշտը կ՛ընդգրկէր ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ ՀՕՄ-ի, հայուհիներու, հայութեա՛ն դիմագրաւած անմիջական հարցերը, ապագայի հեռանկարներն ու յառաջիկայ քայլերու ծրագրաւորումը: Ներկայացուած զեկուցումներն ու պարզուած իրագործումները անգամ մը եւս կը վկայէին, թէ ՀՕՄ-աբոյր բալասանը առկայ է ամէնուրեք, հայ իրականութեան գրեթէ բոլոր մարզերէն ներս, ինչպէս` կրթական («Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը Արցախի եւ Ստեփանակերտի մէջ, «Դպրոց» ֆոնտը, կրթանպաստի «Երէմեան» եւ այլ կրթաթոշակներ, «Որբերու ուսման ծրագիր» «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիր, շաբաթօրեայ հայեցի դաստիարակութեան վարժարաններ… ) բարեսիրական-խնամատարական (Հայաստանի ճամբարներ, «Ամանոր» ծրագիր, «Տաքուկ բնակարան», «Պնակ մը տաք ճաշ», «Օգնիր եղբօրդ»… ) առողջապահական (Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան կեդրոն» …) քարոզչական (Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակին վրայ ՀՕՄ-ի դրօշի ծածանում, ՀՕՄ-ի նաւապտոյտ…) կազմակերպական (նոր միաւորներու հաստատում` Պելճիքա, գերմանիա, երիտասարդական կեդրոններ` Ջաւախքի եւ Ախալցխայի մէջ…) տնտեսական (ՀՕՄ-ի հիմնադրամ…) մշակութային (տոհմիկ տարազներու ցուցադրութիւն, հայկական աւանդութիւններու պահպանում` միջինք…) դաստիարակչական (նորագիրներու դաստիարակչական ծրագիր, հրապարակային դասախօսութիւններ…) գրական (արխիւային, յուշագրական, վաւերագրական, նուիրեալ հայուհիներու գործունէութեան առնչուող նիւթերու հրատարակում…) յարաբերական (գործակցութիւն միջազգային եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ` ՄԱԿ-ի Կիներու յանձնաժողով, ԵՈՒՆԻՍԷՖ, ԷՔՈԶՈԿ, Միջազգային դրամական ֆոնտ… ):
«Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» «Ամուր սահման, հզօր հայրենիք» կարգախօսերով առաջնորդուող եւ գործող այս աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւնը` ՀՕՄ-ը թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար կոչել` Հայ Օճախներու Կազմակերպութիւն, նկատի ունենալով անոր գործունէութեան համասփիւռքեան լայնածիր տարողութիւնը: Կազմակերպութիւն, որ իր ամբողջ կարելիութիւնները կը դնէ ի սպաս հայուհիի, հայու, հայութեան օգնութեան, ուր որ ալ գտնուի ան, աշխարհի որ անկիւնը որ ըլլայ ան` ծրագրուած քայլերով թէ չնախատեսուած պատահարներու դիմակալման պատրաստակամութեամբ: Փաստօրէն, ՀՕՄ-ի խնամատար ձեռքը կը հասնէր ու կը հասնի բոլորի՛ն անխտիր, Հայաստանի երկրաշարժէն, Արցախի ազատամարտէն, Ջաւախքէն ու Ախալցխայէն մինչեւ Սուրիա եւ Իրաք եւ այլ հայօճախներ, ուր հարկը կը կանչէ: Հոն է ան, ուր հայը կարիքն ունի հայ մարդուն` գաղթականներու, որբերու, երէցներու, վիրաւորներու եւ անկարներու հոգատարութենէն մինչեւ նահատակ ազատամարտիկներու ընտանիքներու այցելութիւն: ՀՕՄ-ը նաեւ չի մոռնար գնահատել, մեծարել ու պարգեւատրել իր գաղափարակից, նուիրեալ գործիչները, բարերարներն ու օտարազգի բարեկամ, զօրավիգ անձնաւորութիւնները` պարոնուհի Քարոլայն Քոքսէն մինչեւ դոկտ. Էլենա Թէուխարիս: Ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի «Կռունկ» արձանի զետեղումը, Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ: Հոկտեմբեր 2011-ին ազգային բարերար Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեան ամոլի նուիրատուութեամբ հանգուցեալ արուեստագէտ Գէորգ Գէորգեանի քանդակած ՀՕՄ-ի «Կռունկ» արձանը կառուցուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ:
Խորքին մէջ արծարծուած հարցերը, մտահոգութիւնները համագաղութային, համահայկական բնոյթ ունէին եւ ունին, մէկ գաղութին ցաւը մտահոգութիւնն է նաեւ մնացեալ գաղութներուն: Այսօր չկայ հայօճախ մը, որ մտահոգ չէ սուրիահայութեան վիճակով, 12-15 հազար հայերով մարտնչող հալէպահայութեան ամէնօրեայ գողգոթայով, կամ` Ախալցխայի, Ջաւախքի դիմագրաւած դժուարութիւններով: Այլ խոչընդոտներու եւ մարտահրաւէրներու կողքին, կայ նաեւ` տնտեսական հզօրանքի անխուսափելի կարիքը: Նաեւ` երիտասարդութեան ներգրաւման պահանջը, ինչպէս կը շեշտէր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Համաշխարհայնացման այս մթնոլորտին մէջ ազգային ցաւերու, հայօճախներու (Սուրիա, Իրաք) գոյութենական պայքարի, Արցախի ու Ջաւախքի իրավիճակին մասին միջազգային հանրային կարծիքին մօտ քարոզչական հայանպաստ քայլերու շեշտաւորման պահանջը նոյնքան կարեւոր մարտահրաւէր է:
Այս բոլորը օրակարգի վրայ ունենալով` ՀՕՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը իր քառամեայ գործունէութեան շրջանին պիտի փորձէ պատշաճ լուծումներ գտնել: Կը մնայ, որ այդ օրակարգին վրայ աւելնան նաեւ գրաւեալ Արեւմտահայաստանի ու Նախիջեւանի մէջ տիրող ոչ հայանպաստ իրավիճակը եւ զանոնք մայր բնօրրանին վերակցելու մաղթանքն ու կարելիութիւնները:
Ի վերջոյ, հետզհետէ թուայնացող, մեքենայացող, յաճախ անիրաւութիւններով մատնանշուող ու այսքան նիւթապաշտ ու մակերեսային աշխարհի մը մէջ անպայման որ կարիքը կայ պարկեշտ, անշահախնդիր, անձնուրաց, գործունեայ կամաւորի: Իսկ հայ ժողովուրդը բախտաւոր է, որ ունի նման կամաւորներու հսկայական բանակ մը, 27 երկիրներէ աւելի քան 15 հազար նուիրեալ ՀՕՄ-ականներու մեղուաջան ու ջահակիր հայուհիներու ցանց մը: Աշխարհասփիւռ գաղութներու մէջ Հայաստան ու հայութիւն բուրող ջահակիրներ, որոնց մշտավառ կայծը կը բոցավառէ ու կը լուսաւորէ հայ հասարակական միտքը: