Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լիբանանի դիմագրաւած անվերջ հարցերուն վրայ եկած է աւելնալու մարդկային այլ հարց մը, որուն մէկ ցաւալի օրինակը վկայեցինք անցեալ շաբթուան ընթացքին, երբ Սաֆուան ընտանիքի 7 անդամներ ծովամոյն դարձան, իսկ նոյն ընտանիքէն երկու ուրիշներ ծովուն մէջ կորսուեցան` Թուրքիայէն Յունաստան ապօրինի կերպով գաղթականներ փոխադրող նաւ մը ընկղմելու պատճառով:
Օրեր առաջ արձանագրուած այս պատահարը ցնցեց լիբանանեան հանրային կարծիքը եւ մղեց մտածելու, որ աղբանոցի եւ ագարակի վերածուած այս երկրին մէջ ապրելու պայմանները այնքան վատ են եւ անհանդուրժելի, որ քաղաքացիները կը մտածեն արտագաղթել, երբեմն դիմելով նաեւ ապօրինի միջոցներու:
Լիբանանցի երիտասարդներ եւ համալսարանաւարտներ, որոնք ծանօթութիւններ չունին, անկարելի է որ կարենան արժանապատիւ գործ մը ապահովել, իսկ մանուկ հասակէն աշխատած երիտասարդը ոչ մէկ ձեւով իր մօտիկ եւ հեռաւոր ապագան ապահոված է:
Միւս կողմէ, համեստ դասակարգի պատկանող ընտանիքներ կը մտածեն, որ փախուստ տալով եւ Եւրոպա հասնելով` կրնան իրենց կեանքը փոխել եւ աւելի լաւ ապագայ մը կերտել իրենց ընտանիքներուն համար:
Երկրին վատ պայմաններէն կը տառապին հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի եւ Պեքաայի բնակիչները, որոնցմէ շատեր իրենց ամբողջ ունեցածը կը ծախեն վճարելու համար վտանգաւոր եւ անորոշ ճակատագիր պահող «պտոյտ»-ի մը իրենց մասնակցութեան սակը:
Այս «պտոյտ»-ները կ՛ապահովուին միջնորդներու կողմէ, որոնք կը նկատուին մահուան միջնորդներ: Անոնք պարզապէս խաբեբաներ են, որոնք ցնորքներու մէջ կ՛ապրեցնեն իրենց յուսալքուած «յաճախորդներ»-ը` անոնց խոստանալով, որ եւրոպական պետութիւնները անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի տրամադրեն բնակարան, ամսական աշխատավարձ, ինչպէս նաեւ` աշխատանքի արտօնագիր, որպէսզի կարենայ տուեալ երկրին մէջ գործ ունենալ:
Անշուշտ այս միջնորդները Լիբանանէն փախուստ տուող քաղաքացիին ոչինչ կը բացատրեն անոր դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն, կամ մինչեւ տուեալ վայրը հասնիլը շրջանցելիք շատ յաճախ մահացու վտանգներուն մասին:
Այս միջնորդները միայն պատիժի արժանի են, որովհետեւ հազարաւոր մարդոց կեանքերը վտանգի կ՛ենթարկեն իրենց հիւսած սուտերով: Սակայն այս հարցով ցարդ ոչ մէկ հսկողութիւն կայ, եւ իբրեւ այդպիսին` անոնք սուտասանութեան վերջ չեն տար ու հսկայ գումարներ կը ստանան` շարունակելով մարդու առեւտուրը:
Ապօրինի արտագաղթի դիմող լիբանանցիներ եւ պաղեստինցիներ վկայած են, թէ Թրիփոլիի աղբանոցին կից Ապու Ալի գետին մօտերէն իրենք նաւակներով կ՛ուղղուին ծովուն բացերը, ուր նաւ մը կը սպասէ զիրենք: Այդ նաւով իրենք կ՛ուղղուին Թուրքիա:
Լիբանանէն անոնց դէպի Թուրքիա ուղղութիւնը դիւրացնող միջնորդները իւրաքանչիւր անհատի համար կը ստանան 2000 տոլար, իսկ դէպի Յունաստան ուղղուիլ փափաքողներէն իւրաքանչիւր անհատի սակ ճշդուած է 3500 տոլար:
Այս միջնորդները ընդհանրապէս մաս կը կազմեն նաեւ մաֆիաներու, որոնք լիբանանեան-թրքական մաֆիաներ են, որոնք կը գործեն «ապօրինի ճամբորդութեան ասպարէզ»-ին մէջ:
Լիբանանեան-թրքական միացեալ մաֆիաներուն աշխատանքը կ՛ընթանայ հետեւեալ կերպով. թրքական մաֆիան կ՛ունենայ լիբանանցի միջնորդ մը, որուն պարտականութիւնը կ՛ըլլայ ապօրինի գաղթականութեամբ Եւրոպա հասնիլ փափաքող լիբանանցիները փոխադրել Թուրքիա:
Այդ փոխադրութիւնը շատ անգամ օրինական կերպով կը կատարուի, երբ լիբանանցիներ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կ՛ուղղուին Զմիւռնիա: Այդ գաղթականներէն իւրաքանչիւրը միջնորդին 500 տոլար կը վճարէ (Թուրքիա երթուդարձի տոմսէն անկախ), որպէսզի Զմիւռնիայէն ապօրինի կերպով եւ լաստերով փոխադրուին յունական կղզիներ:
Յունական կղզի մը հասնելու պարագային, գաղթական մը 50 եւրօ վճարելով` կրնայ ուղղուիլ Աթէնք, ուրկէ անոնք կ՛երթան Մակեդոնիա, ապա` Սերպիա, Ուքրանիա, Աւստրիա, ուրկէ մուտք կը գործեն Եւրոպա` յատկապէս ուղղուելով դէպի Գերմանիա:
Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Թրիփոլիի նաւահանգիստէն օրական դրութեամբ հարիւրաւոր սուրիացիներ նաւով կը փոխադրուին Թուրքիա, իսկ անոնց կողքին անպայման կը գտնուին 15 լիբանանցիներ, որոնք ընդհանրապէս հիւսիսային Լիբանանի բնակիչներ են:
Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն, որ նախորդ երեքուկէս ամիսներուն ընթացքին պատկերը փոխուած է եւ գաղթականները այլեւս անհատ երիտասարդներ չեն, այլ` օրական դրութեամբ նուազագոյնը հինգ ընտանիքներ, որոնց նպատակը Թուրքիայէն Եւրոպա հասնիլն է:
Ըստ այս աղբիւրներուն, հիւսիսային Լիբանանէն արդէն իսկ 2000 լիբանանցիներ Թրիփոլիի նաւահանգիստէն մեկնած են Թուրքիա, իսկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն 4500 լիբանանցիներ գաղթած են Թուրքիա. իսկ Գերմանիա հասած են շուրջ 1050 լիբանանցիներ:
Աղէտներու շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի ցուցմունքներուն վրայ հիմնուելով` լիբանանեան ապահովական կառոյցները իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն եւ կը ձերբակալեն ապօրինի կերպով գաղթականութիւնը դիւրացնող ցանցերը:
Խէյր շեշտեց, որ մարդու առեւտուրով զբաղիլը արգիլուած է, աւելցնելով, որ բոլոր ճամբորդութիւնները պէտք է ըլլան օրինական կերպով:
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ շաբաթավերջին լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սարաֆանտ-Սուր ծովափին մօտ ձերբակալուած է լիբանանցի մը, որ իր նաւով 5 քաղաքացիներ ապօրինի կերպով պիտի փոխադրէր Թուրքիա:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սայտայի մէջ ձերբակալած է ապօրինի արտագաղթի կազմակերպութեամբ զբաղող հինգ անձեր, որոնք իրենց կարգին կապուած են այլ ցանցերու: