ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Թանչը արիւնախառն փորհարութիւն-փորքշուք (dysentery) է: Թանչը հայերէնով կը կոչուի նաեւ արիւնալուծ:
Թանչը սուր եւ վարակիչ հիւանդութիւն մըն է: Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին տարեկան կ՛արձանագրուի 10 միլիոնէ աւելի թանչի պարագայ, որոնցմէ մէկ միլիոնը կը մահանայ, առաւելաբար` մանուկներ:
Թանչ կը պատճառեն`
1.- Մանրէներ, մասնաւորապէս` շիկելլա (Shigella) մանրէները եւ յաճախ E. Coli եւ Salmonella մանրէները:
2.- Միաբջիջ նախակենդանիներ (protozoa), մասնաւորապէս` ամիպա (Amoeba) խմբաւորումը եւ երբեմն E. Histolytica խմբաւորումը:
Թանչը առաւելաբար կը յառաջանայ շիկելլա մանրէներէ եւ այդ պատճառով անիկա կը կոչուի շիկելլոսիս (shigellosis)` շիկելլավարակ: Շիկելլա մանրէն կ՛ապրի շատ մը երկիրներու մէջ: Ան պատճառն է բոլոր փորհարութիւններու 5-10 տոկոսին:
Ամիպայով յառաջացած թանչը առաւելաբար կը տեսնուի արեւադարձային տաք գօտիի (tropical) երկիրներու մէջ:
Շիկելլա մանրէներուն աղբիւրը վարակուած անձերուն կղկղանքն է: Նոյնիսկ ապաքինման շրջանին ենթակային կղկղանքը հարուստ է այս մանրէներով, հետեւաբար հիւանդը կը կոչուի կրող (carrier):
Արիւնալուծի տարածումը տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով.
1.- Ուղղակի տարածում, որ կը պատահի կղկղանքի միջոցով:
2.- Անուղղակի տարածում, որ կը պատահի մանրէներով վարակուած կերակուրներու միջոցով:
Շիկելլա մանրէները կը փոխադրուին եւ կը տարածուին ճանճերու միջոցով, որոնք կը կոչուին փոխադրողներ-տարածողներ (vectors): Ճանճերը վարակուած հիւանդի մը կղկղանքին վրայ նստելէ ետք ազատօրէն կը փոխադրեն յարուցիչ շիկելլա մանրէները որեւէ մէկ տեղ մեր շրջապատին մէջ: Անոնք կը տեղաւորեն մանրէները բացօթեայ ձգուած կերակուրներու եւ հեղուկներու վրայ: Առողջ անհատ մը կը վարակուի թանչով, երբ ուտէ կամ խմէ շիկելլա մանրէներով «հարստացած» եւ վարակուած կերակուրները կամ հեղուկները:
Թանչի թխսաւորումի ժամանակաշրջանը (incubation period) 1-4 օր, այսինքն անոր ախտանշանները կը յայտնուին վարակումէն 1-4 օր ետք:
Արիւնալուծի ախտաբանական ընթացքը կը զարգանայ հետեւեալ ձեւով. շիկելլա մանրէներով վարակուած կերակուրներու կամ հեղուկներու սպառումով մանրէները կը հասնին բարակ եւ հաստ աղիքներ, ուր անոնք կը յարձակին աղիքներու խլնաթաղանթին վրայ եւ կը ներխուժեն անոնց պատերէն ներս: Խլնաթաղանթը կը բորբոքի, տեղի կ՛ունենայ խլնաթաղանթի ջրուռեցք եւ ապա խլնաթաղանթային հեղուկի առատ հոսք` աղիքներուն մէջ: Բորբոքումին պատճառով կը յառաջանան խլնաթաղանթային խոցեր եւ արիւնահոսում:
Թանչի ախտանշաններն են`
1.- Ջրանման փորհարութիւն,
2.- Թարախոտ հեղուկային կղկղանք,
3.- Արիւնահոսում,
4.- Արիւնային փորհարութիւն,
5.- Յաճախակի կղկղանցում, օրական 10-20 անգամ,
6.- Կղկղանցումի շտապութիւն (urgency),
7.- Տանջալի կղկղանցում (tenesmus) եւ նքոց,
8.- Աղիքային սուր կծկումներ (cramps),
9.- Որովայնային խիթ եւ ցաւ,
10.- Նողկանք եւ փսխունք,
11.- Ջերմ,
12.- Գլխացաւ:
Ծանր եւ յառաջացած պարագաներուն տեղի կ՛ունենայ մարմնական ջրանուազում (dehydration) եւ արեան ճնշումի նուազում (hypotension), որոնք կրնան յառաջացնել մարմնական ընդհանուր փլուզում (shock) եւ մահ:
Թանչի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս բացայայտ է իր ախտանշաններով: Սակայն անիկա կը փաստարկուի կղկղանքի տարրալուծարանային քննութեամբ: Յաճախ յառաջացած պարագաներուն մագնիսարձագանգային նկարահանում (MRI) եւ հաստ աղիքի դիտում (colonoscopy) պարտաւորիչ կը դառնան:
Արիւնալուծի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ ընդհանրապէս հանգիստ ընելով եւ առատ հեղուկ խմելով: Յառաջացած պարագաներուն հիւանդանոցային դարմանումը պարտաւորիչ է: Հիւանդին կը ներարկուին ներերակային հեղուկներ եւ հակամանրէական դեղեր:
Չափահասներու մօտ եւ մեղմ պարագաներուն ապաքինումը տեղի կ՛ունենայ 4-8 օրերու ընթացքին, իսկ յառաջացած պարագաներուն` 3-4 շաբաթներու ընթացքին: Մանուկներու պարագային ջրանուազումը տեղի կ՛ունենայ շատ արագ, հետեւաբար անոնց դարմանումը պէտք է ըլլայ շուտով:
Յաճախ շատ մը թանչակալներու մօտ կը զարգանայ կաթնաշաքարի անհանդուրժողականութիւն (lactose intolerance), հետեւաբար անոնք իրենց ապաքինման շրջանին կաթ եւ կաթնեղէններ սպառելու չեն:
Թանչը կրնայ ունենալ վատ հետեւանքներ եւ բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են`
1.- Յառաջացած ջրանուազում եւ մարմնական ընդհանուր փլուզում,
2.- Հաստ աղիքի արտանկում (prolaps),
3.- Աղիքային մանրէական երկրորդական բորբոքումներ,
4.- Աղիքային մեծ խոցեր եւ մեծածաւալ արիւնահոսում ու սակաւարիւնութիւն,
5.- Աղիքներու ծակում եւ ներորովայնային բորբոքում (peritonitis),
6.- Լեարդի վարակում, որ կը պատահի մասնաւորապէս ամիպայով յառաջացած թանչի պարագային:
Թանչը տեղի կ՛ունենայ խճողուած եւ ոչ առողջապահական պայմաններու մէջ ապրող հաւաքականութիւններու մէջ:
Անիկա կը պատահի երկու ձեւերով`
1.- Համաճարակային (epidemic) ձեւով, որ առաւելաբար կը զարգանայ անչափահասներու մօտ:
2.- Տարաճարակային (endemic) ձեւով:
Արիւնալուծը կանխագիլելի է հետեւեալ առողջապահական միջոցառումներով.
1.- Սննդանիւթերը, մանաւանդ բանջարեղէնները եւ պտուղները ուտել լաւ լուալէ ետք,
2.- Զուգարանէ ելլելէ առաջ ձեռքերը օճառով լաւ լուալ,
3.- Թանչով ախտահարուած անհատին` թանչակալին անկողինը, սաւանը, բարձը, անձեռոցը, դգալը, պատառաքաղը եւ դանակը չգործածել,
4.- Թանչակալէն հեռու մնալ, անոր բաղնիքը չգործածել,
5.- Թանչակալին սաւանները եւ հագուստները օճառով եւ եռացած ջուրով լաւ լուալ,
6.- Թանչի տարաճակային շրջաններէ հեռու մնալ: