Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւին գործադրութեան հսկող յատուկ պատուիրակ Թերի Ռոտ Լարսըն յայտնեց, որ մօտիկ ապագային միջազգային որոշում մը պիտի տրուի Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռին գծով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի մեր նուիրումին, իսկ Լիբանանի մէջ անկարելի է, որ քաղաքակրթութիւններու բախումներ արձանագրուին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր նիստ մը պիտի չգումարէ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ ձեռնածալ պիտի չդիտէ չգործող կառավարութեան մը ընթացքը, այլ` պիտի տայ դժուար որոշում մը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն հաւատալ, թէ Լիբանան մէկ եւ միացեալ երկիր է իր բոլոր զաւակներուն համար, եւ այդ սկզբունքով ալ պիտի գործեն:

ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականը շատ հաւանական է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ շրջանին վկայած զարգացումները չեն արտօներ, որ այս հանգրուանին երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք` իբրեւ Դիմադրութիւն կը հսկեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

ԱՄԱԼ շարժումի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան դաշնակիցներ են եւ Դիմադրութեան ուղեգիծին կառչած կը մնան` պաշտպանելու համար Լիբանանը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Օպէյտ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական իսկական մեքենան կը ներկայացնեն նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը շեշտէ, թէ ինք պետութեան աշխատանքները չ՛արգելակեր, սակայն ան կը զօրակցի այդ աշխատանքները արգելակող կողմին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի զօրակցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, որպէսզի մասնակից դառնան ներկայ տարազները սրբագրելու երթին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ երկրին հարցերուն լուծում մը գտնելու առումով հորիզոններու չգոյութիւնը մղած է, որ լարուածութիւնը շեշտուի, եւ հարցերը ուղղուին մագլցումի:

 

 

Նախորդը

«Վար Առնուած Օդանաւը Ռուսական Արտադրութիւն Է, Սակայն Կրնայ Սուրիոյ Բանակին Կամ Սուրիացի Քիւրտերուն Պատկանիլ» Ըսաւ Տաւութօղլու

Յաջորդը

Ռաատ. «Հաւատադրժողական Շարժումները Ոչ Մէկ Մուտք Ունին Լիբանան Հասնելու»

RelatedPosts

Օրթէյկըս. «Բարգաւաճման Ուղին Ամբողջ  Երկրին Մէջ Հըզպալլան Ապազինելն Է»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Բարգաւաճման Ուղին Ամբողջ Երկրին Մէջ Հըզպալլան Ապազինելն Է»

Մայիս 17, 2025
Պըրրի. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Վիճակին Վերջ Տալը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է Եւ Իմ Առաջնահերթութիւնս Է»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ամերիկացիները Հարաւային Լիբանանի Մէջ Զինադադարին Առաջին Առնչակիցիներն Են, Եթէ Իրապէս Զայն Կ՛ուզեն»

Մայիս 17, 2025
Սթրիտա Ժահժահ. «Լիբանանը Պէտք Է Քայլ Պահէ  Միջին Արեւելքի Մէջ Ռազմավարական  Մեծ Փոփոխութիւններուն Հետ»
Լիբանանեան

Սթրիտա Ժահժահ. «Լիբանանը Պէտք Է Քայլ Պահէ Միջին Արեւելքի Մէջ Ռազմավարական Մեծ Փոփոխութիւններուն Հետ»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?