
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:
Վարչապետարանին մէջ Սալամ ընդունեց Պորուժերտին, որուն հետ քննարկեց տեղական զարգացումները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պորոժերտի յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք կարելի ըլլայ ազգային գերագոյն շահերու իրականացումը:
«Մենք վարչապետ Սալամին յայտնեցինք Թեհրանի զօրակցութիւնը լիբանանեան երկխօսութեան` յուսալով, որ Լիբանան կատարելիք մեր յաջորդ այցելութեան ընթացքին առիթ ունենանք նաեւ այցելելու նախագահական պալատ», ըսաւ ան:
Պորուժերտի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի ներկայացուցած է հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ Մինայի ուխտագնացութեան ընթացքին արձանագրուած աղէտին մասին տեղեկագիրներ:
Պորուժերտի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Իրանցի պետական պաշտօնատարը այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պորուժերտի յայտնեց, որ Պասիլի հետ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:
Ան նշեց, որ քննարկուած է Իրանի հիւլէական թղթածրարին մասին Արեւմուտքին հետ գոյացած համաձայնութիւնը` նշելով, որ շնորհիւ այդ համաձայնութեան, տնտեսական մարզին մէջ այլ պետութիւններու հետ գործակցելու հսկայ առիթներ ընձեռուած են:
Ան աւելցուց, որ իրանեան-լիբանանեան գործակցութիւնը եւս պէտք է բարելաւուի, յատկապէս տնտեսական առումով:
Ան շեշտեց նաեւ Թեհրանի պատրաստակամութիւնը օժանդակելու Լիբանանին` ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմին մէջ:
Պորուժերտի դիտել տուաւ, որ Իրան պիտի զօրակցի նաեւ Սուրիոյ, որ կը շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ:
Հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութենէն ետք Լիբանանի կառավարութեան կողմէ լիբանանեան բանակին կատարուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը ընդունելու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պորուժերտի յայտնեց, որ այդ հարցումը պէտք է ուղղել Լիբանանի կառավարութեան: «Մենք մնայուն կերպով պատրաստ ենք եւ ոչ մէկ հարց կը գտնենք: Լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնը պահեստանոցներուն մէջ կը գտնուի, եւ լիբանանեան կողմին համաձայնութեան պահուն իսկ պատրաստ ենք զայն ուղարկելու Պէյրութ», ըսաւ ան: