Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու 31-րդ համաժողովի ծիրին մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցած է Պուրունտիի արտաքին գործոց եւ շրջանային համագործակցութեան նախարար Էյմէ Ալան Նեամիթվէի, Քոնկոյի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ռայմոնտ Չիպանտա Նտունկամուլոնկուի, Թոկոյի արտաքին գործոց, համագործակցութեան եւ ափրիկեան համարկումի նախարար Ռոպերթ Տուսէի, Անտորրայի արտաքին գործոց նախարար Ժիլպերթ Սապոյա Սիւնէիի եւ Պենինի արտաքին գործոց եւ ափրիկեան համարկումի նախարար Սալիու Աքատիրիի հետ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը: