«Էրեբունի-Երեւան – 2797» տօնակատարութեան 2-րդ օրուան հիմնական ձեռնարկները երէկ սկսան առաւօտեան ժամը 10:00-ին` ջրցան մեքենաներու շքերթով, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը:
Տօնին առիթով յատուկ զարդարուած ջրցաններու առաւօտեան երթը մայրաքաղաքի գլխաւոր ու երկրորդական փողոցներուն մէջ սկսած է ձայնային ազդանշաններով եւ վերածուած շքերթի, որմէ ետք սկսած է «Իմ ջերմ ու բարի քաղաք» կարգախօսով «Էրեբունի-Երեւան-2797»-ի տօնակատարութեան երկրորդ օրը:
«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան ծիրին մէջ երէկ Երեւանի քաղաքապետին կից երիտասարդութեան հարցերու խորհուրդի եւ այլ կամաւորներ խումբերով շրջած են քաղաքին փողոցներուն եւ այգիներուն մէջ եւ լուացած, մաքրած են յուշարձանները, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանը:
Աշխատանքներուն արհեստագիտական եւ մարդկային պաշարներով աջակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու Երեւանի փրկարարական վարչութեան տարածքային ստորաբաժանումները եւ հրշէջ փրկարարական ջոկատներու անձնակազմերը:
Նախաձեռնութեան ընթացքին լուացուած են Գայի, Հայկ Նահապետի, Վարդան Մամիկոնեանի, Ալեքսանդր Թամանեանի, Ալեքսանդր Մեասնիկեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Պարոյր Սեւակի, Ալեքսանդր Գրիբոյեդովի, Խաչատուր Աբովեանի, Եղիշէ Չարենցի, Գարեգին Նժդեհի, Անդրանիկ Օզանեանի, Գէորգ Չաուշի, Արամ Խաչատրեանի, Սասունցի Դաւիթի եւ այլ յուշարձաններ:
Երեւանի Քաղաքապետ
Տարօն Մարգարեանի Ուղերձը

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ուղերձ յղած է Երեւանի օրուան առիթով` շնորհաւորելով բոլոր երեւանցիները եւ, ընդհանրապէս, համայն աշխարհի հայութիւնը` մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2797-րդ տարեդարձին առիթով:
«Այսօր մենք ուրախութեամբ կրնանք փաստել, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող մեր հնամենի մայրաքաղաքը աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ կայուն զարգացման ուղիով ընթացող ժամանակակից քաղաք, որ իւրաքանչիւր տարի յառաջընթաց կ՛արձանագրէ տնտեսութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ», ըսուած է քաղաքապետին ուղերձին մէջ:
«Մայրաքաղաքի կեանքին մէջ օրըստօրէ տեղի ունեցող փոփոխութիւններն ու զարգացումները ակնյայտ են: Անոնք նոր մտայղացումներ են եւ մասնագիտական մտքի նոր թռիչքներ, որոնք կը յստականան իբրեւ իրականացուած ծրագիր կամ ձեռնարկ: Անոնցմէ շատերը երեւանցիին համար կը դառնան հոգեհարազատ, ապա եւ` աւանդական ու ամէնամեայ», նշած է Տարօն Մարգարեան եւ աւելցուցած. «Կրկին շնորհաւորենք մէկզմէկու, մէկս միւսին փոխանցենք մեր սէրն ու ջերմութիւնը եւ իւրաքանչիւրս ըսենք` շնորհաւո՛ր տօնդ, իմ ջերմ ու բարի քաղաք»: