Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Անկիւնէն. Խմբագիրն Ու Իր Այլազան Գլխարկները Գ.

Հոկտեմբեր 6, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ  

Այժմ խօսինք խմբագրելու մասին:

Անշուշտ ցարդ ըսուածէն կարելի է հետեւցնել, որ այդ բոլորը կատարելը կը նշանակէ խմբագրել:

Կը տրուին երեք սահմանումներ.

– Գրական նիւթեր զանազան աղբիւրներէ համախմբել եւ կարգի բերել:

– Քանի մը գրական նիւթեր մշակելով` անոնցմէ ձեւակերպել մէկ ամբողջութիւն:

– Գրուածքի մը արտաքին ձեւը, ոճը եւ այլն ուղղել, կանոնաւորել` առանց բովանդակութիւնը փոխելու:

Անշուշտ առաջին երկու կէտերուն մէջ նշուած «գրական»-ը հասկնալու ենք ոչ անպայման գրականութեան առնչուած, այլ` գրուած նիւթեր, գրուածքներ, ինչպէս կը դրուի երրորդ կէտին մէջ:

Խմբագրելու այդ առաջին երկու առոյթներուն մասին յօդուածաշարքի նախորդ երկու բաժիններուն մէջ բաւական խօսուեցաւ: Կեդրոնանանք երրորդին վրայ, յատկապէս վերջին երեք բառերուն` «առանց բովանդակութիւնը փոխելու»: Շատ կարեւոր է այս մէկը, քանի որ այնքան դիւրին է, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար,  կէտադրական մէկ նշանի փոփոխութեամբ, մէ՛կ ստորակէտով, մէկ բառի տեղափոխութեամբ կամ այլ միջոցներով ամբողջովին փոխել ուզուած իմաստը, չարափոխել, գլխիվայր շրջել եւ այլն: Շատ զգուշ պէտք է ըլլալ, եւ եթէ անհրաժեշտ փոփոխութեան կարիք կայ, պէտք է առնել հեղինակին հաւանութիւնը: Միւս կողմէ, եթէ իմաստի փոփոխութիւն չի յառաջանար, խմբագիրին պարտականութիւնն է, այո՛, միջամտել իր գրչի, կամ ստեղնաշարի ամբողջ կարողականութեամբ, ձեւի մտցնել, լեզուականօրէն ընդունելի տարազի մը մէջ դնել խնդրոյ առարկայ գրութիւնը, որպէսզի ընթերցողներուն մատուցուին թերթի որակին համապատասխան նիւթեր: Շատ դժուար առաջադրանք է ասիկա, ժամանակ խլող ու գրեթէ անհնարին, երբ թերթը զրկուած է խմբագրական ամբողջական անձնակազմէ:

Դժուար է նաեւ այլ դիտանկիւնէ մը դիտուած: Դիւրաւ այս արարքը կրնայ շփոթուիլ գրաքննութեան հետ, ինչ որ սովորական երեւոյթ է բռնատիրական կարգերու տակ: Այնտեղ խմբագիրը նաեւ գրաքննիչ է, եթէ այդ պաշտօնը արդէն իսկ ուրիշ մէկը չի կատարեր: Նոյնիսկ խմբագիրը ի՛նք կրնայ հետեւանքները կրել աշխատակիցի մը ոչ ուղղափառ գրութեան համար: Սա գրաքննութեան ժխտական կողմն է: Կա՛յ նաեւ դրական կողմը:

Ինչպէ՞ս: Տուեալ գրութիւնը կրնայ սխալ տեղեկութիւն բովանդակել: Խօսքի ազատութիւն` չի նշանակեր ապատեղեկատուութեան ազատութիւն: Գրութիւն մը կրնայ կրել բովանդակութեա՛ն առնչուած սխալներ` սխալ անուն մը, սխալ թուական մը եւ այլն, նոյնիսկ` շարագրական վրիպումի իբրեւ հետեւանք պարզապէս, ինչպէս` 1890 գրելու տեղ 1980 գրած ըլլալ: Ստեղնաշարին վրայ սահող մատները որքա՛ն դիւրութեամբ կրնան նման խաղեր խաղալ: Սրատես խմբագիրը պէտք է նկատէ նման վրիպումները եւ տարակոյսի պարագային` դիմէ հեղինակին: Նման վրիպումներ արագ կը տարածուին նաեւ արտատպումներու ատեն, ու որքա՜ն կը դժուարանայ խմբագիրին գործը` հետապնդելու համար հեղինակը:

Միւս կողմէ, ինքզինք յարգող մամուլը, ներառեալ` կուսակցական մամուլը, պիտի յարգէ նաեւ աշխատակիցին տարբեր տեսակէտներն ու կեցուածքները, յայտարարէ, որ անոնք անպայման չեն համընկնիր թերթի տեսակէտներուն ու կեցուածքներուն հետ, մանաւանդ` քաղաքական-գաղափարական մարզերու պարագային եւ ի հարկին հակաճառէ` մնալով հանդերձ գրողին ու ընթերցողին հանդէպ յարգալից վերաբերմունքի մէջ: Խօսքս չի վերաբերիր անարգալից, հայհոյալից գրութիւններու, որոնց ձրիօրէն ջատագովը ըլլալու ո՛չ պարտաւորութիւնը, ո՛չ իսկ իրաւունքը ունի որեւէ պատկառելի թերթ: Նաեւ, լեզուականօրէն խոցելի, բովանդակութեամբ խղճալի գրութիւններու, այսպէս կոչուած «բանաստեղծութիւն»-ներու եւ այլն, որոնց հաւաքման գլխաւոր տեղը… աղբամանն է:

Այո՛, խմբագրելու առոյթին մաս կը կազմեն նաեւ մերժումը, անտեսումը: Եւ` կրճատումը, որուն չանդրադարձայ ցարդ: Խմբագրութիւնը ունի այդ իրաւունքն ալ, յատկապէս` թղթակցութիւններու պարագային, երբ անտեղի մանրամասնութիւններ կամ գովեստներ-գովաբանութիւններ կը մրցին իրարու հետ` գրաւելու համար թերթին սուղ սիւնակները…

Քանի մը յաւելեալ մտորումներ եւս` փակելու համար այս շարքը:

Դիւրին գործ չէ խմբագիրին գործը: Ան կարեւոր դերակատար մըն է գաղութի մը կեանքին մէջ: Երբ արտասահմանէն հիւրեր կու գան, թերթի մը խմբագրատունը առաջին վայրերէն մէկն է, ուր կ՛այցելեն, եթէ անշուշտ հետաքրքրուած են հայութեամբ: Ուստի խմբագիրը իր այնքան սուղ ժամանակին մէջ նաեւ պահը պիտի գտնէ հիւրընկալելու զանոնք, զրուցելու անոնց հետ, մանաւանդ եթէ մտաւորականներ, արուեստագէտներ կամ ազգային գործիչներ են: Նոյնիսկ անդրադառնալու անոնց այցելութեան` թերթի յաջորդ թիւին մէջ:

Ո՛չ, դիւրի՛ն չէ: Խմբագիրը նաեւ ժամանակ պիտի գտնէ ըլլալու ամէն տեղ` ժողովներու, հանդէսներու, ընդունելութիւններու, հանդիպումներու եւ մասամբ նորին: Թղթակիցներու առատութեան հիւանդութենէն չտառապող թերթի խմբագիրը այդ բոլորին մասին գէթ երկու տողով ի՛նք պիտի գրէ ցոլացնելու համար իր շուրջ թրթռացող ազգային կեանքը:

Վերջապէս, երբեք դիւրին չէ խմբագիրին գործը, քանի որ ան տեւական երկընտրանքի մէջ պիտի գտնուի, ի՛նչ հրատարակելու եւ ի՛նչ չհրատարակելու իր թերթի ամէն պարագայի սահմանափակ էջերուն մէջ ու գտնելու հաւասարակշռութիւնը` լուրերու առցանց զետեղումին կամ տպագիր տարբերակին միջեւ, քանի որ երկու միջոցները միշտ մրցակցութեան մէջ պիտի ըլլան: Լուրերը կրնան արդէն «հինցած» ըլլալ մինչեւ թերթով տուները հասնիլը, որով անոնց տեղեկատուութենէն աւելի` անոնց վերլուծո՛ւմն է, որ կրնայ ընթերցողը հետաքրքրել:

Նման հարցերու առջեւ պիտի գտնուի խմբագիրը ու միշտ որոշէ, թէ ո՛ր գլխարկը պիտի դնէ տուեալ պահուն: Բայց ո՛ր գլխարկն ալ դնէ, պէտք է ընդունիլ, որ այսուհանդերձ կ՛արժէ խմբագիր ըլլալ: Այդ վայելքը ինծի շնորհուած եղա՛ծ է…

 

(Շար. 3 եւ վերջ)
Հորիզոն, 2015-09-21 (1890)

Նախորդը

Մեր Անվտանգութեան Երաշխաւորը Ոչ Թէ ՀԱՊԿ-ն Է, Այլ` Մեր Հաւաքական Ուժը

Յաջորդը

Ազգասէր Ընկեր Մը Եւս

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?