Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աջակցինք Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակին Համար Ֆրանչիսկոս Պապի Թեկնածութեան Առաջադրման

Հոկտեմբեր 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Քանի մը շաբաթ առաջ Քանատայի խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Սարգիս Ասատրեան տեղեկացուց զիս, որ իր խնդրանքով խորհրդարանական Ճուտի Սկրոն Ֆրանչիսկոս պապը առաջադրած էր 2016 թուականի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակին համար:

Թեկնածութեան առաջադրման իր նամակին մէջ խորհրդարանական Սկրոն բարձր գնահատած է նորին սրբութիւնը` «ընդգրկուն, բացայայտ եւ բարեփոխուած հոգեւոր իշխանութեան» կերտման համար: Ան Հռոմի պապը նկարագրած է իբրեւ «բարութիւն ներշնչող ուժ» եւ «յոյսի խորհրդանիշ…. Անցեալի չարագործութիւններու եւ հակամարտութիւններու հաշտեցման անոր ջանքերէն մինչեւ անոր աշխատանքը` ուղղուած խաղաղութեան ամրապնդման եւ տարակարծութիւններու առիթ հանդիսացող խնդիրներու շուրջ փոխըմբռնման ու հանդուրժողականութեան սերմանման, Ֆրանչիսկոս պապը արդէն իսկ հաստատուած է իբրեւ համաշխարհային փոփոխութեան իսկական եւ կառուցողական ուժ»:

Ասատրեան հարցուց ինծի, թէ արդեօք կրնա՞մ ոեւէ ամերիկացի օրէնսդիր գտնել, որ նոյնպէս կը փափաքի Հռոմի պապը առաջադրել Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի: Ես անմիջապէս կապ հաստատեցի քոնկրեսական Ատամ Շիֆի հետ, որ ոչ միայն համաձայնեցաւ առաջադրել պապին թեկնածութիւնը, այլեւ դիմեց Ներկայացուցիչներու տան միւս անդամներու աջակցութեան` տարածելով Նոպէլեան յանձնաժողովին ուղղուած նամակ մը:

Քոնկրեսական Շիֆի սեպտեմբեր 23-ի նամակին մէջ կ`ըսուի. «Հռոմի պապը անգերազանցելի պերճախօսութեամբ, խոնարհութեամբ եւ կարեկցանքով իր հեղինակութիւնը օգտագործեց` ամբողջ աշխարհի մարդոց եւ ժողովուրդներուն հոգեւորութեան, բարոյականութեան եւ ազնուութեան կոչ ընելու համար…. Ֆրանչիսկոս պապը եղած է խաղաղութեան հզօր ջատագով, որ կոչ ուղղած է վերջ դնելու հակամարտութեան եւ աջակցելու ազգերու միջեւ կառուցողական կապերու հաստատման: Ան յորդորած է աշխարհին վէճերը կարգաւորելու համար օգտագործել դիւանագիտութիւնը եւ բանակցութիւնները, այլ ոչ թէ կիրարկել ռազմական ուժ, պարտադրանք կամ վախ: Բռնութիւնը մերժելու այս յանձնառութիւնը, որ պապը ամէն օր կը կիրարկէ իր խօսքերուն եւ գործունէութեան մէջ, ներառուած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի սկզբունքներուն հիմքին մէջ»:

Հաշուի առնելով պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերահաստատումը Վատիկանի մէջ ապրիլի սկիզբը մատուցուած պատարագի ժամանակ` քոնկրեսական Շիֆ բարձր գնահատեց «անոր խիզախ դիրքորոշումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անցեալի ու ներկայի բոլոր ցեղասպանութիւններու դատապարտման գործին մէջ»: Նորին սրբութիւնը նաեւ դատապարտած է «քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու հետապնդումը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ»:

Քոնկրեսական Շիֆ Հռոմի պապը նաեւ բնութագրեց իբրեւ «սփոփելու յառաջատար պաշտպան» մեծ թիւով գաղթականներու համար, որոնք ներկայիս հեղեղած են Եւրոպան: Պապը նոյնիսկ հրաւիրած է «սուրիացի գաղթական ընտանիք մը բնակելու Վատիկանի իր նստավայրին մէջ»:

Վերջապէս, թեկնածութեան առաջադրման իր նամակին մէջ, քոնկրեսական Շիֆ ընդգծած է, որ` «Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը նաեւ աշխատած է միջազգային հանրութիւնը դրդել իրենց վրայ վերցնելու համաշխարհային հիմնախնդիրները, ինչպէս` կլիմայի փոփոխութիւնը եւ մթնոլորտի վատթարացումը…. Ֆրանչիսկոս պապը  հարց կը բարձրացնէ կրօնական առումով աշխարհի մէջ տիրող անառողջ մթնոլորտին վերաբերեալ` ընդգծելով, որ մեր բոլորին պարտքն է հոգալ աշխարհը եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցել ապականումէ զերծ մթնոլորտ»:

Քոնկրեսական Շիֆի նամակը, համընկնելով Միացեալ Նահանգներ պապի կատարած այցելութեան եւ Քոնկրեսի երկու պալատներուն առջեւ ելոյթ ունենալուն հետ, մեծ ուշադրութեան արժանացաւ անոր գործընկերներուն եւ լրատուամիջոցներու կողմէ: «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը «Արդեօք Հռոմի պապը պէ՞տք է ստանայ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ» խորագիրով իր ծաւալուն յօդուածին մէջ նշած է, որ «Ֆրանչիսկոս պապի խաղաղութեան մրցանակը պիտի ըլլայ պատմական փաստ, քանի որ դեռ ոչ մէկ պապ արժանացած է այդ պատուին»:

Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին համար թեկնածուի առաջադրումը կը նկատուի  վաւերական, եթէ անիկա ներկայացուի հետեւեալ խմբաւորումներէն որեւէ մէկուն պատկանող անձի կողմէն. պետութիւններու խորհրդարաններու եւ կառավարութիւններու անդամներ,

Միջազգային դատարաններու անդամներ,
միջազգային իրաւունքի հիմնարկի անդամներ,
համալսարաններու տնօրէններ, հասարակագիտութեան, պատմութեան, փիլիսոփայութեան, իրաւունքի եւ աստուածաբանութեան փրոֆեսէօրներ,
խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտման եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ուսումնարաններու տնօրէններ,
Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակակիրներ,
Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակ ստացած կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամներ,
Նորվեկիոյ Նոպէլեան յանձնաժողովի ներկայ եւ նախկին անդամներ,
Նորվեկիոյ Նոպէլեան յանձնաժողովի նախկին խորհրդականներ:

Հռոմի պապի առաջադրումը զգալիօրէն կը զօրանայ, եթէ անիկա ստանայ նաեւ ամերիկացի  ծերակուտականներու եւ այլ երկիրներու օրէնսդիրներու, ինչպէս` Հայաստանի խորհրդարանականներու աջակցութիւնը: Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի համար առաջադրման վերջնաժամկէտը 2016 թ. փետրուար 1-ն է: Մրցանակակիրը կ՛ընտրուի հինգ հոգիէ բաղկացած Նոպէլեան յանձնաժողովին կողմէ, որուն անդամները կը նշանակէ Նորվեկիոյ խորհրդարանը: Մրցանակը կը շնորհուի իւրաքանչիւր տարի դեկտեմբեր 10-ին, Օսլոյի քաղաքապետարանին մէջ:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը լիովին արժանի է Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի, թէեւ ան չափազանց համեստ է անոր ձգտելու կամ ատիկա ընդունելու համար: Եթէ ան շահի այդ մրցանակը, ամենայն հաւանականութեանբ, 1.5 միլիոն տոլար պարգեւը պիտի նուիրաբերէ ամբողջ աշխարհի աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն:

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց «ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքը

Նախորդը

Նաժի Նաաման. «Հայ Կոչուելու Համար Պարտադիր Չէ Հայկական Անձնագիր Ունենալ»

Յաջորդը

Մարալ Մանիսալեան (Մանիս) Իր Իւրայատուկ Մասնակցութիւնը Բերաւ «Պէյրութ Ինթըրնեշընըլ Արթ Շօ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?