Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Անհատը եւ ժողովուրդները միշտ ալ ուզած են տեւել մշակոյթով: Հետք ձգելով: Հաւաքական անմահութիւնը մշակոյթը եղած է: Անյիշատակ ժամանակներու մէջ ալ մարդիկ այդ ուզած են ընել քարայրներու պատերուն վրայ նկարներով: Ապա` զանազան ձեւի արձանագրութիւններով, կոթողներով: Ապագային մէջ ներկայութիւն ունենալու միտում մը:


Արդի ժամանակներու անմիջականի եւ եթերի մշակոյթը (համացանցի եւ թուային պատկերի), իր արագութեամբ, բազմազանութեամբ, զբաղեցնող եւ ժամանցի իր հրաւէրով, յղի է մնայուն չըլլալու ժահրով: Այս մշակոյթը հակասութիւնն է միշտ ցանկացուած անմահութեան, որ եթեր է, ապագայի մէջ ներկայութիւն պիտի չըլլայ: Արդէն անմիջականի գերութիւնը տեղ չի ձգեր ապագային: Մշակոյթը ինքնութիւն եւ վայելք ըլլալէ դադրելով` կը դառնայ զուարճութիւն, հակամշակոյթ:
Այդ քարայրներուն մէջ մեր նախահայրերը պատերը կնքած են իրենց ափերուն պատկերով` յիշեցնելով, որ իրենք եղած են, մարդացման եւ մարդկութեան շղթային մէկ օղակը: Պատերուն վրայ դրած են իրենց եղած ըլլալու կնիքը: Այդ օղակներուն գումարը մշակոյթն է, որ մեզմով կ’ըլլայ, ժամանակի գիծին վրայ տեղ մը, ակնթարթի մը, որ կը բազմապատկուի կեանքի երեւումէն ի վեր:
Մասնաւորելով մեր մտածումը մշակոյթի այն ձեւին, զոր կը կոչենք իրաւ գրականութիւն, մեր պարագային` հայ գրականութիւնը, այլեւս զանգուածներէն հեռու է, զանգուածները հեռու են իրաւ գրականութենէն, որ կը սեղմուի «ընտրանի» շրջանակներու մէջ եւ կը սնանի փոխհիացման առթած թափահարումներով, որ դեռ ժամանակ մըն ալ պիտի հետաքրքրէ փակ ակումբներու ինքնակոչիկ անդամները: Այդպէս է իրականութիւնը, քանի որ ժողովուրդը, իր բացակայութեամբ, չ’արժեցներ իր ընդոծին ողջմտութեամբ ընտրութիւնը, այսինքն` ստեղծագործութեան երկրորդ դերակատարը, որ ընթերցողն է, երբ չկայ, գրականութիւնը կը խրի մտային մարզանքի տիղմին մէջ, կ’ըլլայ մենախօսութիւն, մենաւոր հաճոյք:
Երբ գրականութեամբ չի թափանցուիր ժողովուրդ մը, երբ գրականութիւնը չի թափանցեր ժողովուրդին մէջ, ան պիտի չկարենայ պատկերացնել մարդն ու մարդկութիւնը, հետեւաբար ապագայի մէջ ներկայութեան յաւակնութիւնը պիտի փոքրանայ, դառնայ աննշան, որ կը նշանակէ անհետանալ: Գրականութիւնը միայն գրողի կտակած ժառանգութիւնը չէ, այլ` տուեալ ընկերութեան, տուեալ պահու մը, բայց շարունակուող գիծի մը վրայ: Մարդկութիւնը տեւաբար հետապնդած է անմահանալու երազը, մեծերը եւ փոքրերը, վկա՛յ դամբանները: Բայց ինչ որ նիւթական է, դատապարտուած է կորստեան, իսկ մշակոյթը, իր զանազան արտայայտութիւններով, տեւողութիւնն իսկ է: Անդենականը` ժառանգուող եւ տեւաբար աճող ներկային մէջ:
Մարդկութեան յառաջընթացը իր բազմաթիւ երեսներով` գիտական, ճարտարագիտական, մտածումներով, արժէքներով մարդուն եւ անոր ճառագայթումին պիտի ծառայէ, որուն մէջ կը մտնեն զարգացումը, բարօրութիւնը եւ ընդհանուր բնորոշումով` երջանկութիւնը: Կը նշանակէ, որ մարդիկ, կամայ ակամայ, կը գտնուին նոյն նաւուն վրայ, յիշել Փասքալի դիպուկ խօսքը, որ բոլորս նոյն նաւը բարձրացած ենք, այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր, եւ լայն առումով մշակոյթը այդ գիտակցութեան ծաղկման ենթահողն է, մէկութեան ըմբռնումը, զոր պարտ էինք նուաճել` մեր մէջ ապրող զանազան արտայայտութիւններ ունեցող գազանը յաղթահարելով:
Պարզապէս պէտք է ըսել, որ մշակոյթը, իր բոլոր ձեւերով, ազնուացման ճանապարհն է, ոչ միայն փոքրամասնութեան մը համար: Ան ոգեկանութիւնը պիտի ըլլայ ժողովուրդին, որ ոտքի պիտի պահէ իրաւ մշակոյթը:
Այս իմաստութեամբ է, որ մշակոյթը պէտք է բերել ժողովուրդին, եւ ժողովուրդը ինք պէտք է երթայ դէպի մշակոյթը, չըլլայ գազան կամ սոսկ մարսողական գործարան: Արիստոտէլ մարդէն տարբեր կենդանիներուն համար կ’ըսէր` քալող բոյսեր:
Այս խորհրդածութիւնները կ’ընեմ, մտահոգ մեր ժամանակակիցներու դէպի Ճորճ Օրուէլի պատկերացումի ընթացքէն, երբ մարդիկ թուանշաններով պիտի ճանչցուին, երբ մոլորակի բարիքները պիտի կեդրոնանան «մենաշնորհեալ»-ներու, աւելի ճիշդ` «չարաշահողներ»-ու ձեռքը, գիտութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնը պիտի ծառայեն դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան, մշակոյթն ալ պիտի ծառայէ այդ ուղղութեամբ` յանգելով զանգուածի զուարճութեան: Եթէ պահ մը անջատուինք մեր ընթացիկ սովորութիւններէն, օրինակ, եթէ մենք մեզի հարց տանք, թէ ամբողջ օրը տեւած հեռատեսիլի խառնիխուռն թափածէն ի՞նչ կը մնայ մեզի օրուան աւարտին: Դարձած կ’ըլլա՞նք քիչ մը աւելի իմաստուն, քիչ մը աւելի ազնիւ, քիչ մը աւելի արդար, թէ՞ պատկերները եւ աղմուկը զգայազիրկ կը դարձնեն լսողները եւ դիտողները, օղակ ըլլալու շնորհը անհետացնելով:
Հայերէն գրուած այս տողերը պիտի չհասնին ֆրանսացիին, արաբին, ամերիկացիին, չինին, թուրքին, ռուսին, էսքիմոյին: Որպէս առաջին քայլ` մենք պէտք է հակինք մեր մշակոյթին վրայ, անկէ առնենք մեր ինքնութեան տարրերը, ի հարկին գումարելով անոր վրայ տեւելու, օղակ ըլլալու նոր տարրեր:
Այս հաստատումները իրենց կարգին կ’ըլլան մտքի մարզանք, տեղ չհասցնող տրտունջ, եթէ չփորձենք ժողովուրդը բերել իր մշակոյթին կամ մշակոյթը տանիլ իր ժողովուրդին: Հոս արդէն մշակոյթէն տարբեր ազդակներ կը միջամտեն, որոնք ընդհանրապէս կը բնորոշուին կազմակերպութեամբ, զոր կ’առաջնորդէ հարազատ ղեկավարութիւնը:
Երբ ազնիւ երաժշտութիւնը չի հասնիր զանգուածին, ան ալ կը դադրի անով հետաքրքրուելէ, հրապարակին կը տիրէ մակերեսայնութիւնը, փող ու թմբուկի բարձրախօսներու երաժշտութիւնը, որ կշռոյթ կու տայ գետին տոփող ոտքերու:
Երբ գեղանկարչութիւնը կը դառնայ դրամ եւ գեղօր` փոքրամասնութեան մը երեւելիութեան ծառայող, արդիական մեքենաներով լուսանկարչութիւնը կը բաւարարէ զուարճանալու հակամէտ ամբոխը:
Երբ գրականութիւնը կը համարուի ժամանց, հանրակառքին մէջ ձանձրոյթը փարատող միջոց, կամ` քնաբեր տեղ, ոճիր-արկածի պատմութիւն, ան չի յայտնաբերեր գեղեցիկը եւ մարդը, կը դառնայ սպառման ապրանք, ինչպէս` ծխախոտի տուփը:
Իրաւ եւ հարազատ ղեկավարութիւնը, փոխանակ հետեւելու ամբոխային տրամադրութեան, ամէն կարգի բաւարարութիւններու շարքին, պիտի նախաձեռնէ նաեւ մարդու հոգեկան հարստացման, ազնուացման:
Կրկին մասնաւորելով մեր խօսքը հայ գրականութեան մասին` ի՞նչ պէտք է ընել, որ հայ գրական երկը, բանաստեղծութիւնը հասնին իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ: Մեր հաստատութիւնները, դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները, մամուլը, հաղորդակցական միջոցները իրենք զիրենք պէտք է տրամադրեն որակաւոր մշակոյթի տարածման եւ ըմբռնումին: Փոխանակ ըսելու, թէ ի՛նչ կ’ուզէ ժողովուրդը եւ ըստ այնմ գործելու, պէտք ընել այնպէս, որ ժողովուրդը ուզէ որակը: Հոս արդէն կը սկսի հաւատաւորներու ղեկավարումի գործը:
Այդ հաւատաւորներով տեղի ունեցած են զարթօնքները, ուրիշներու պարագային, նաեւ` մեր:
Բառերը գաղափար կը փոխադրեն:
Նիկոլ Աղբալեան ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ նախարար էր: Այսօր կրնա՞նք ընել այնպէս, որ կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնները դառնան ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւն, սփիւռքներու այնքան բազմացած, բազմաթիւ եւ բազմազան մշակութային եւ կրթական միութիւնները դառնան ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ նպատակասլաց միութիւններ, որոնք խզուին ձեւականէ, աղմուկէ, երեւելիական մարմաջներէ:
Եթէ այս յեղափոխութիւնը չիրականացնենք, զուարճութենէն չանցնինք իրաւ մշակոյթի մակարդակ, կը դադրինք Շովէի եւ Լասքոյի քարայրներուն մէջ եւ անոնցմէ առաջ սկսած մշակոյթի շարունակութիւն ըլլալէ:
Արդէն այդ ոչ շարունակութիւնը նախատեսողներ եղած են, ինչպէս Ճորճ Օրուէլ` իր թուանշան մարդոցմով, կամ Հերպերթ Մարքիւզ` իր միատարածք մարդով, այսինքն` Արիստոտէլի քալող բոյսերու մարդկութիւն մը կը շարունակուի:
Եթէ Հայաստան եւ սփիւռքներ քանի մը ապարանքներ կամ տպաւորիչ համարուող անհատական կամ հաւաքական շէնքեր նուազ կառուցէինք եւ…
Այս ընելու համար խորք ունեցող ղեկավարում պէտք է, որ չգոհանայ բեմերու լուսարձակներով կամ բարձրախօսներու դղրդոցով:
Չգոհանայ` քանի դեռ ուշ չէ: Վաղը աւելի ուշ կ’ըլլայ:
Հաւանօրէն նոր Խորենացի մըն ալ պիտի չգայ իր ՈՂԲ-ը կտակելու, քանի որ կտակը ընդունողներ պիտի չըլլան:
Եթէ պղպջակային սնապարծութիւնները մէկդի դնենք, Խորենացիին հետեւութեամբ պիտի ըսենք. ի՞նչ պիտի մնայ հիւսիսային ազգերու մէջ վեհագոյնէն…
18 սեպտեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան