Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ հայրենասիրական-ազատագրական վերածնունդին գլխաւոր քարոզիչներէն ու մղիչ ուժերէն Ծերենցի:
Մասնագիտական ուսումով եւ ասպարէզով Յովսէփ Շիշմանեան բժիշկ էր, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ազատագրական պայքարին պատմութիւնը յաւերժացնող իր պատմավէպերով հայ գրականութեան մեծերու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւեց ու յաւերժացաւ Ծերենց գրչանունով:
Հանդիսացաւ արեւմտահայ ազգային պատմավէպի նահապետը, որ գեղարուեստական տաղանդաւոր մշակումով յատկանշուող իր գործերով ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնավստահութիւն ջամբեց սերունդներուն ու հայրենասիրութեան եւ ազատագրական պայքարի անշէջ հուրը վառեց իր ժամանակի երիտասարդութեան մտքին եւ սրտին մէջ:
Հայ գրականութեան պատմավէպի իշխանին` Րաֆֆիի հետ միասին, Ծերենց ամբողջ դարաշրջան մը լուսաւորեց եւ խանդավառեց: Տարիքով աւագն էր, բայց վիպագրական ասպարէզ իր ուշ մուտքով` Ծերենց դարձաւ Րաֆֆիի սերնդակիցը, միասնաբար ազգային-հայրենասիրական պատմավէպի միեւնոյն մետալին երկու երեսներուն վրայ դրոշմելով իրենց դիմանկարը: Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը հայոց ազգային-հայրենասիրական պատմավէպը գեղարուեստական բարձունքի հասցուցած երկու մեծ գրողները նաեւ նոյն տարին, 1888-ին մահացան. Րաֆֆի` 51 տարեկանին, իսկ Ծերենց` 66 տարեկան հասակին:
Անմիջապէս կ’արժէ ընդգծել, որ պատմավէպը, իբրեւ գրական սեռ, մինչ այդ անծանօթ չէր հայ իրականութեան մէջ: Աբովեան եւ Ալիշան բացած էին ճամբան, բայց շեշտակիօրէն հռետորական եւ քարոզի մշակում ունէին հայկական պատմավէպերը մինչեւ Ծերենց ու Րաֆֆի: Ազգային-ազատագրական պայքարի ներշնչումով վէպերու, յատկապէս պատմավէպերու գեղարուեստական մշակումը առաջին հաստատ քայլեր նետեց Ծերենցով արեւմտահայ, իսկ Րաֆֆիով արեւելահայ գրականութեան մէջ:
Ծերենց թէեւ ուշ` 56 տարեկանին, 1877-ին, լոյս ընծայեց իր առաջին պատմավէպը` «Թորոս Լեւոնի»-ն, բայց մինչ այդ ան անծանօթ գրչանուն չէր արեւմտահայ իրականութեան մէջ:
Աշխարհաբարի որդեգրման ու մշակման նախակարապետներէն եղած էր, աշխուժ մասնակցութիւն բերած էր 1860-ականներու հայոց Ազգային սահմանադրութեան հաստատագրման պայքարին: Նաեւ, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի հետ, հաշտարար դերակատարութիւն ունեցած էր կաթոլիկութեան շուրջ ծաւալած Հասունեան եւ հակահասունեան բուռն պայքարներու շրջանին, կաթոլիկ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան (հասունեանական շարժումին) դէմ դիրքորոշուելով, բայց նաեւ` կաթոլիկ հայերու դաւանական ազատ ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելով:
Յովսէփ Շիշմանեան ծնած էր կաթոլիկ ընտանիքի մէջ, եւ ծնողները 10 տարեկանին զինք ղրկած էին Սուրբ Ղազար, Վենետիկ, Մխիթարեաններու մօտ ազգային-հոգեւոր ուսում ստանալու եւ կուսակրօն դառնալու համար: Ուսումնատենչ Յովսէփը Մխիթարեաններէն առաւ ազգային հոգեմտաւոր իր սնունդը, գրական-մշակութային ճանաչումի եւ գիտութեան հարուստ պաշար հաւաքեց, տոգորուեցաւ Մխիթարեաններու ազգային-հայրենասիրական շունչով, բայց չուզեց կուսակրօն դառնալ եւ 1837-ին, երբ աւարտեց վանքի ուսումնական շրջանը, ան նախընտրեց վերադառնալ Պոլիս:
Անմիջապէս ուսուցչութեան հրաւիրուեցաւ եւ հայոց լեզու, հայ գրականութիւն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդեց: Բայց միայն քանի մը տարի դիմացաւ ուսուցչական ասպարէզին, որովհետեւ ազգային-հայրենասիրական բուռն ապրումներով համակուած երիտասարդ Յովսէփը ուզեց շրջիլ հայրենի իր աշխարհով մէկ եւ մօտէն ճանչնալ թէ՛ մեր հողը, թէ՛ մեր ժողովուրդը:
1843-ին մեկնեցաւ Թիֆլիս եւ հոնկէ ձեռնարկեց Արեւելեան ու Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին իր երկարատեւ շրջագայութեան: Հետագայ իր պատմավէպերուն համար տպաւորութիւններու եւ ծանօթութիւններու ամբողջ պաշար մը հաւաքեց, որ սակայն միայն իրեն չպահեց, այլ Ծերենց ստորագրութեամբ սկսաւ աշխատակցիլ ժամանակի մամուլին:
Պոլիս վերադարձէն ետք, 1848-ին, որոշեց մեկնիլ Փարիզ եւ բժշկութեան հետեւիլ: Ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ յեղափոխական վերիվայրումներու ժամանակաշրջան էր եւ 26-ամեայ հայ երիտասարդը, բժշկական իր բարձրագոյն ուսման կողքին, միտքն ու հոգին լայնօրէն բացաւ ֆրանսական յեղափոխական շարժումներու գաղափարական խմորումներուն առջեւ` տոգորուելով ժողովրդավարական արժէքներն ու ընկերային արդարութեան գաղափարները պաշտպանելու սկզբունքայնութեամբ:
Փարիզեան իր կեցութիւնը նաեւ հնարաւորութիւնը ընձեռեց, որպէսզի Ծերենց մօտէն շփում ունենայ եւ մտերմանայ ֆրանսական մայրաքաղաքը գտնուող հայ ուսանողներու հետ, որոնց շարքին` յատկապէս արեւմտահայոց ազգային զարթօնքի եւ Ազգային սահմանադրութեան շարժումի ռահվիրաներէն Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ստեփան Ոսկեան եւ ուրիշներ:
1853-ին, արդէն բժիշկ վկայուած, տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան վերադարձաւ Պոլիս: Ամբողջ թափով նետուեցաւ ազգային-հասարակական եռուն գործունէութեան մէջ` հայրենասիրական-ազատագրական եւ հասարակական-յառաջդիմական շարժումներու աշխուժ մասնակիցը դառնալով:
Գաղափարականօրէն ողջմիտ եւ լայնախոհ, զարգացած ու ազնիւ, բայց մանաւանդ սկզբունքային եւ համերաշխութեան ջատագով մարդ էր Ծերենց եւ, իբրեւ այդպիսին, հաշտարար դերակատարութիւն ունեցաւ հայ կեանքը ջլատող պառակտիչ վէճերու հարթեցման մէջ: Ազգային-հասարակական կեանքի մէջ եղաւ ընդհանուր յարգանքի արժանացած հեղինակութիւն:
Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան ունեցաւ նաեւ հակառակորդներ, որոնք պետական շրջանակներու մօտ տարիներով չարախօսեցին իր հասցէին` իբրեւ յեղափոխականի: Եւ երբ 1870-ականներուն նորակազմ բարեսիրական «Համազգեաց» ընկերութեան կողմէ ան ղրկուեցաւ Կիլիկիա, որպէսզի գիւղատնտեսական վարժարան մը հիմնելու կարելիութիւնները եւ յարմարութիւնները ուսումնասիրէ տեղւոյն վրայ, հակառակորդներն ու չարախօսները կրցան կասկածներ սերմանել պետական շրջանակներու մօտ` Ծերենցի «բուն», հակասուլթանական դիտաւորութեանց վերաբերեալ:
Իբրեւ «յեղափոխական»-ի անոր գործունէութեան վերջ տալու նպատակով` կառավարութիւնը 1875-ին յարմար գտաւ զայն ուղարկել Կիպրոս, պետական բժիշկի իր առաքելութիւնը հոն կատարելու համար, ինչ որ աքսոր էր խորքին մէջ: Բայց Ծերենց աքսորականի իր կեանքը օգտագործեց աւարտուն տեսքի բերելու համար իր պատմավէպերը:
Առաջինը եւ ամէնէն հռչակաւորը` «Թորոս Լեւոնի»-ն, որ Բիւզանդիոնի հակահայ խարդաւանքներուն դէմ Կիլիկիոյ հայոց Թորոս իշխանին մղած երկարամեայ պայքարին հերոսապատումն է, 1877-ին լոյս տեսաւ եւ արագօրէն լայն ժողովրդականութիւն ապահովեց արդէն 55-ամեայ հեղինակին:
Ծերենց աքսորէն վերադարձաւ 1878-ին, բայց այլեւս չուզեց Պոլիս ապրիլ: Անցաւ Թիֆլիս, ուր հարս գացած աղջիկը կ’ապրէր: Ներսիսեան վարժարանի մէջ ուսուցիչ եղաւ: 1879-ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ պատմավէպը` «Երկունք Թ. դարու»-ն, որուն նիւթը առնուած է Բագրատունեաց իշխանութեան շրջանէն եւ կը վերաբերի արաբական տիրապետութեան դէմ Յովնան Խութեցիի (Սասունցիի) ղեկավարած ազգային-ազատագրութեան պայքարին:
Իսկ 1881-ին լոյս տեսաւ Ծերենցի երրորդ պատմավէպը` «Թէոդորոս Ռշտունի»-ն, որ կը վերաբերի 7-րդ դարու արաբական արշաւանքներուն ժամանակ Հայաստանի կրած աւերածութիւններուն, հայ նախարարներու ան-միաբանութեան եւ Թ. Ռշտունի իշխանին ապարդիւն ճիգերուն` ի մի խմբելու հայ նախարարները, միասնաբար դիմագրաւելու համար նախայարձակները:
Ծերենց հայ գրականութեան մէջ անմահացաւ իր այս երեք պատմավէպերով, որոնք իրենց գեղարուեստական որոշակի թերութիւններով հանդերձ, ճամբայ հարթող նուաճումներ եղան թէ՛ իբրեւ գրական երկեր եւ թէ՛, մանաւա՛նդ, իբրեւ ազատագրական-հայրենասիրական ապրումներու ներշնչման աղբիւր:
Երեք վէպերու պարագային ալ Ծերենցի ազգային-գաղափարական պատգամը կը կեդրոնանայ հայ ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին եւ ազգային արժանաւորութեան վրայ:
Ծերենցի համոզումով, հայ ժողովուրդը ի վիճակի է դիմադրելու ամէն կարգի բռնակալի եւ ներխուժողի, որովհետեւ Յովնան Խութեցիի օրինակով, նոյնինքն հայ ժողովուրդի շինական ու խաղաղասէր զաւակներուն մէջ միշտ արթուն է ազգին ու հայրենիքին համար պայքարելու եւ յաղթելու ոգին: Եւ եթէ պատմութիւնը դաժան պարտութիւններու դատապարտեց հայ ժողովուրդը, Ծերենցի ախտորոշումով, գլխաւոր պատճառը հայոց իշխաններու անմիաբանութիւնն է:
Իր պատմավէպերու հրատարակութենէն ետք երկար չապրեցաւ Ծերենց: 1884-ին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր աղջիկը, որուն վաղահաս մահը շատ ծանր տարաւ. ուղղակի առողջութիւնը քայքայուեցաւ եւ 1888-ին կաթուածահար մահացաւ Թիֆլիսի մէջ:
Եւ այդպէս, 66 տարեկանին, առյաւէտ փակուեցան աչքերը հայ գրականութեան ազգային-հայրենասիրական պատմավէպերու արժանաւոր նահապետին` Ծերենցի, որ իր ամբողջ կեանքը եւ ուժերը նուիրեց հայութիւնը միաւորելու եւ միասնական պայքարի մղելու նպատակին` ի խնդիր ազատ ու անկախ կեանքի եւ հայրենիքի կերտումին, ի սպաս խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ հայ ժողովուրդին բարօր ապագայի նուաճումին:
Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան նուիրուած իր վէպերով` Ծերենց յատկապէս ինքնավստահութիւն, խիզախութիւն, քաջութիւն եւ յանդգնութիւն պատգամեց մեր սերունդներուն: