«Եթէ բանակցութիւններուն ընթացքին արդիւնքի չհասնինք, այսինքն` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը դուրս չբերուին Ազրպէյճանի գրաւուած տարածքներէն, ապա մենք ստիպուած պիտի ըլլանք օգտուելու մեր` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածով սահմանուած` ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն, որպէսզի վերականգնենք մեր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», 30 սեպտեմբերին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով` ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած իր ելոյթին ընթացքին: