Հայաստանեան «Չորրորդ իշխանութիւն» օրաթերթը կը գրէ. «Հայաստանի մէջ գնաճը նոր թափ կ՛առնէ: Այս տարուան յունուար-օգոստոս ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ գնաճի համեմատութիւնն է 4,8 առ հարիւր, միայն սպառման ապրանքներու գիները աճած են 5,5 առ հարիւրով, պարենային ապրանքներունը` 5,2 առ հարիւրով, ոչ պարենային ապրանքներունը` 5,9 առ հարիւրով:
«Յատկանշական է, որ այս ընթացքին սղած է նաեւ գիւղամթերքը, յատկապէս` բանջարեղէնը, եւ ասիկա այն պարագային, երբ այս տարի, ըստ իշխանութիւններուն, գիւղատնտեսական առատ բերք եղած է: Սղած են նաեւ միսը, ոգելից ըմպելիները, կաթնամթերքը եւ այլն»:


