ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ շրջանները դարձեալ անհանգիստ են: Հրադադարի խախտումները արդէն մաս կը կազմեն սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու առօրեային: Բերքահաւաքի թէ գիշերուան քունի ընթացքին, յետմիջօրէին կամ դպրոցական ժամերուն ազրպէյճանական դիրքերէն անակնկալ գնդակոծումները չեն խնայեր նոյնիսկ խաղաղ բնակչութիւնը: «Շփման գիծին» կամ ռազմաճակատներուն մօտիկ ապրող հայ գիւղացին, որ հանապազօրեայ հաց ճարելու խնդիր ունի, ստիպուած է նաեւ դիմանալ ու դիմադրել ազրպէյճանական զօրքերու լկտի ոտնձգութիւններուն. իսկ հայ զինուորը ուժեղ է աւելի քան երբեք եւ ազրպէյճանական ներթափանցման փորձերուն եւ գնդակոծումներուն (հիմա արդէն` ռմբակոծումներ) կը հասցնէ արժանի հակահարուած` պատճառելով մեծ կորուստներ: Սահմաններուն վրայ թշնամին մաշեցնող կռիւներու մարտավարութենէն հրաժարելու տրամադրութիւն չունի, նոյնիսկ երբ անհամեմատօրէն ծանր կորուստներ կը կրէ:
Սա Հայաստան աշխարհի մէկ երեսն է: Միւս երեսը քաղաքամայր Երեւանն է, որ կարծես կապ չունի սահմանային շրջաններուն հետ: Երեւան այցելող հայ եւ օտար զբօսաշրջիկները շքեղ ինքնաշարժներ, հագուած¬շքուած երիտասարդներ, լեփ¬լեցուն սրճարաններ, ճաշարաններ եւ զբօսավայրեր կը տեսնեն: Նորելուկ հարուստներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու շփացած զաւակները իրենց շռայլ ու ցոփ կենսակերպով կրնան զարմանք պատճառել նոյնիսկ Փարիզի եւ Լոնտոնի ամենազեխ կեանքը տեսած զբօսաշրջիկներուն: Երեւանը, այո՛, օրէ օր կը գեղեցկանայ եւ օրէ օր աւելի մեծ թիւով հայ եւ ոչ հայ զբօսաշրջիկներ կը հրապուրէ, բայց միաժամանակ եւ դժբախտաբար իր հիւրերուն հետզհետէ աւելի անհաղորդ կը պահէ Հայաստան աշխարհի միւս իրականութենէն` սահմանամերձ շրջաններու ցաւալի իրադարձութիւններէն:
Հիմա արդէն յանցաւոր կը զգամ նաեւ ես, որովհետեւ ամէն անգամ երբ կը հաղորդակցիմ Հայաստան այցելող հարազատներուս եւ ընկերներուս հետ, կ՛ուզեմ զանոնք տպաւորել Երեւանի կեդրոնի սրընթաց զարգացումով, Գառնիի տաճարով եւ անզուգական Գեղարդով, Սեւանի իշխանաձուկով եւ Ծաղկաձորի հրաշալի տեսարաններով ու ճոպանուղիով: Այսպէս կ՛ընեմ, որովհետեւ կ՛ուզեմ, որ սիրեն Հայաստանը, կապուին Հայաստանին եւ բարի ու քաղցր յիշատակներ տանելով իրենց հետ` ոգեւորեն իրենց շրջապատը: Բայց Հայաստանը պէտք է սիրել իր ամբողջութեամբ, իր բոլոր երեսներով ու մանաւանդ եւ առաջին հերթին` Հայաստանը պէտք է սիրել սահմանին վրայ հսկող եւ ազրպէյճանական յարձակումները ետ մղող իր զինուորներով, իր որդեկորոյս մայրերով ու որբացած երեխաներով, թշնամիի անարգ գնդակներու տակ բերք հաւաքող համեստ ու քաջ գիւղացիներով, իր աղքատ, բայց հպարտ ու շատ յաճախ հա՛յ վաշխառուներու կողմէ շահագործուած բանուորներով, նուազագոյն աշխատավարձով ապրող ուսուցիչներով…
Ես ինծի խոստացած եմ, որ այսուհետեւ Հայաստան այցելող ընկերներուս եւ հարազատներուս պիտի բացատրեմ ու ցուցադրեմ աւելին, քան Երեւանի զարգացող կեդրոնն ու Գառնին եւ Սեւանը կ՛ընձեռեն մեզի եւ պիտի աշխատիմ, որ անոնք տպաւորուին եւ ոգեւորուին ոչ թէ նորելուկ հարուստի մը կառուցած ճաշարանով կամ եկեղեցիով, այլ` Հայաստանի սահմաններուն վրայ ժայռի պէս ամուր կանգնած հայ զինուորով եւ սահմանները չլքող, սահմաններուն հետ նոյնացած տոկուն եւ ուժեղ հայ գիւղացիով: Որովհետեւ Հայաստանը պահողն ու անոր զարգացումը ապահովողը նախ եւ առաջ անո՛նք են:
Գրեցէ՛ք ինծի: