Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 27 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սերպիոյ առաջին փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է հայ-սերպական յարաբերութիւններու ընդլայնման, ԵԱՀԿ-ի մէջ Սերպիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւններու իրականացման, ԵԱՀԿ-ի օրակարգի հարցերու:
Նալբանդեան եւ Տաչիչ գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կայուն կերպով կը զարգանան: Այդ առումով անդրադարձ կատարուած է Երեւանի եւ Պելկրատի մէջ դեսպանատուներու բացման, մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման, ուղիղ թռիչքներու հաստատման առնչուող հարցերու:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերաբերող հարցեր եւ այդ ծիրին մէջ նախագահութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը խոր մտահոգութիւն յայտնած է տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան աճին առնչութեամբ եւ կարեւոր նկատած զինադադարի դրութեան լիարժէք պահպանումը:
Նախարար Նալբանդեան նշած է, որ հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահներու բազմաթիւ կոչերուն եւ յորդորներուն` Պաքու չի հրաժարիր իր ապակառուցողական կեցուածքէն եւ սադրանքներէն: