Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Չինաստանի Վարչապետները Քննարկած Են Իրան – Հայաստան Երկաթուղիին Հարցը

September 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

china_9-22-15

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 22 սեպտեմբերին Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է Չինաստանի պետական խորհուրդի նախագահ (վարչապետ) Լի Քեցեանի հետ:

Ողջունելով Հայաստանի վարչապետը` Չինաստանի պետական խորհուրդի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստան այցելելու իր հրաւէրը ընդունելու եւ Եւրասիական տնտեսական ֆորումին մասնակցելու համար: Ան բարձր գնահատած է հայ-չինական յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը եւ համոզմունք յայտնած, որ վարչապետ Աբրահամեանին այցելութիւնը Չինաստան պիտի նպաստէ փոխգործակցութեան ալ աւելի զարգացման եւ ամրապնդման:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: Ընդգծելով, որ տնտեսական մարզին մէջ գոյութիւն ունի համագործակցութեան մեծ ներուժ, Յովիկ Աբրահամեան համոզմունք յայտնած է, որ այցելութիւնը նոր լիցք պիտի հաղորդէ հայ-չինական կապերու  ամրապնդման եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման:

Փաստելով, որ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը աշխուժօրէն կը զարգանայ, Հայաստանի եւ Չինաստանի վարչապետները բարձր գնահատած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մարտին Չինաստան կատարած պետական այցելութիւնը, որ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի բարձրացուցած է եւ նոր թափ հաղորդած հայ-չինական համագործակցութեան զարգացման: «Կ՛ուզեմ շեշտել, որ Հայաստանի եւ Չինաստանի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումին արդիւնքներուն հիման վրայ մենք աշխուժօրէն կ՛աշխատինք բոլոր մարզերուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու  յառաջխաղացման եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ուղղութեամբ»,  ըսած է Յովիկ Աբրահամեան:

Երկու երկիրներուն վարչապետները կարեւոր նկատած են ենթակառուցուածքներու զարգացման, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, քիմիական արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, քաղաքացիական օդանաւորդութեան մարզերուն մէջ հետագայ համագործակցութեան խորացումը, միացեալ յստակ ծրագիրներու իրականացումը: Այս շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատուած է առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-չինական միացեալ յանձնախումբի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը:

Վարչապետ Աբրահամեան գոհունակութեամբ նշած է, որ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները յառաջընթաց արձանագրած են, եւ զգալի կերպով աճած է ապրանքներու շրջանառութիւնը (աւելի քան կէս միլիառ տոլար): Չինաստանի վարչապետ Լի Քեցեան իր կարգին ընդգծած է, որ բոլոր մարզերուն մէջ` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ մարդասիրական, գոյութիւն ունի արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւն, եւ Չինաստանը պատրաստ է խորացնելու եւ ամրապնդելու զանոնք:

Հայաստանի եւ Չինաստանի վարչապետները մանրամասն քննարկած  են Իրան-Հայաստան երկաթուղիի, Հիւսիս-հարաւ ճամբու միջանցքի կառուցման ներդրումային ծրագիրները: Չինաստանի վարչապետը վերահաստատած է չինական կողմի հետաքրքրուածութիւնը այս հարցին մէջ: Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է միացեալ  ծրագիրներ իրականացնելու Հայաստանի ենթակառուցուածքներու  զարգացման, արդիւնաբերութեան, մարդասիրական եւ այլ մարզերու մէջ:

Հանդիպումի աւարտին Յովիկ Աբրահամեան Չինաստանի վարչապետին հրաւիրած է պաշտօնական այցելութիւն կատարելու Հայաստան. հրաւէրը սիրով ընդունուած է:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը Կը Յայտնէ. Գերմանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչուող Բանաձեւի Քննարկումը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Ուորլիք. «Յոյս Ունինք, Որ Նախագահները Համաձայնին Հանդիպիլ Մինչեւ Տարեվերջ»

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.