Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Եւ Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Յանցագործներ

September 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իպրահիմ Աթրաշ
Իպրահիմ Աթրաշ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը նախանցեալ երեկոյեան ձերբակալած է Մահմուտ Մոհամետ Հուժէյրին, որ Արսալէն դէպի Շեպաայի սահմանամերձ բարձունքները կը բարձրացնէր ինը սուրիացիներ:

Բանակը անոնցմէ գրաւած է նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան 10 սարքեր:

Բանակի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ նախապէս ձերբակալուած ահաբեկիչ եւ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Իպրահիմ Աթրաշ խոստովանած է, թէ 2011-ին սկսած է զէնքի վաճառականութեան եւ ստանձնած դէպի Արսալ եւ դէպի Սուրիա զէնք ու զինամթերք փոխադրելու եւ զանոնք ահաբեկչական խմբաւորումներու յանձնելու պատասխանատուութիւնը:

2012-ին բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալուելէ, բանտարկուելէ եւ բանտարկութեան իր պատիժը աւարտելէ ետք, ան զօրակցած է «Ժունտ Հաք» ահաբեկչական խմբաւորումին եւ ստեղծած ինքնաշարժներ ականող ահաբեկիչներու խումբ մը:

Ան խոստովանած է նաեւ, որ իրենց ականած ինքնաշարժներէն եղած է «Ճի. Էմ. Սի.» տիպի ինքնաշարժ մը, որ Պզալիէն պայթումի թիրախ պիտի դարձնէր, սակայն ինքնաշարժը բացայայտուած է եւ պայթած պատճառելով երկու ահաբեկիչներ Օմար Աթրաշի եւ Սամեր Հուժէյրիի մահը:

Իպրահիմ Աթրաշ նշեց, որ ինք Մալեք Ապու Թալլիի ղեկավարութեամբ զինեալ բախումներու մասնակցած է, իսկ ՏԱՀԵՇ-ական դառնալէ ետք փոխադրուած է Ռաքքա եւ հանդիպումներ ունեցած ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներու հետ:

Լիբանան վերադառնալէ ետք, Արսալի մէջ մասնակցած է լիբանանեան բանակին դէմ զինեալ բախումներուն եւ մասնակցած Մասիայտայի մէջ բանակի կեդրոնին դէմ գործուած յարձակումին:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդեց, որ ահաբեկչական խմբաւորումները եւ ահաբեկչական քնացած բջիջները հետապնդելու շրջագիծին մէջ ձերբակալած է սուրիացի քաղաքացի Ա. Օ.-ն, որ կը գլխաւորէր ահաբեկչական խմբաւորում մը:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ձերբակալուած յանցագործը Եապրուտի մէջ ականագործութեամբ զբաղած է, հրթիռներ պատրաստած, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներ ականած: Ան գործակցած է նաեւ Պէյրութի իրանեան դեսպանատան դիմաց ականուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութիւն կատարած սուրիացի Ֆ. Ք.-ի հետ եւ անոր նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած:

 

Նախորդը

Ժըպրան Պասիլ Ընդունեց Նորվեկիացի Իր Պաշտօնակիցը

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի. «Ի՛նչ Ալ Ըլլան Զոհողութիւնները, Պիտի Շարունակենք Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը»

RelatedPosts

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Հոլովոյթին
Հայկական

Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Մաքրոն Վերահաստատած Է Աջակցութիւնը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթին

March 10, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան
Հայկական

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հացահատիկ Ուղարկուած Է Հայաստան

March 10, 2026
Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.