Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ուսուցիչին Առաքելութիւնը

Սեպտեմբեր 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

542949_103152259851040_1048496939_n

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի սեմին Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպեց հերթական եւ զիրար լրացնող ուսուցչական հանդիպումներ եւ ժողովներ:

Առաջին հերթին տեղի ունեցան բաժանմունքներու ժողովներ, ուր տնօրէնութեան կողմէ փոխանցուեցան  թելադրութիւններ, եւ համատեղ որդեգրուեցան նոր միջոցառումներ, որոնք պիտի նպաստեն կրթական ծրագիրները լաւագոյնս իրագործելու:

Երկրորդ առիթով վարժարանիս ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու համընդհանուր ժողովը կայացաւ 8 սեպտեմբեր 2015-ին` ուրուագծելու համար տարեկան աշխատանքներու ընդհանուր ծրագիրը եւ նպատակադրելով դաստիարակելու, ուսուցանելու եւ անձնուրաց կամքով շարունակելու այն առաքելութիւնը, որ վստահուած է հայ դպրոցի ուսուցիչին:

Վարժարանը իր թեւերուն տակ համախմբելով Հռիփսիմեանցի մեծ ընտանիքը` առաւօտեան ժամը 9:00-ին հոգեւոր ջերմ հանդիպումը սկսաւ ներկայութեամբ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան տնօրէն հայր Սեզար Եսայեանի, վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանի, հայր Եղիա Եղիայեանի եւ Էլիաս Մարզուանեանի:

Ուսուցիչները սաղմոսներով, աղօթքի եւ սուրբգրային ընթերցումներով առիթը ունեցան խորանալու Աստուածաշունչի հոգիին եւ առաքելութեան մէջ, որ միաժամանակ կ՛առնչուի ուսուցիչի դերին, առաքելութեան ու կոչումին: Շօշափելի առօրեայ օրինակները առաւել եւս հասկնալի դարձուցին անոնց իրագործումը ուսուցչական ասպարէզին ընդմէջէն: Ապա հայր Սեզար ողջունեց ուսուցչական կազմը, բարի վերամուտ մաղթեց եւ քաջալերական խօսքերով շեշտեց «ուսուցիչին կոչումը», որուն մէջ կը ներառուի Քրիստոսի սիրով ու հաւատքով մանուկները դաստիարակելու կարեւորութիւնը, Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնը իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ հնչեցնելու անհրաժեշտութիւնը, մանուկները կազմաւորելու եւ անոնց հոգեւոր, կրթական, մտաւոր ու մարմնային զօրութիւնը փոխանցելու առաքելութիւնը:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ, երբ վարժարանիս տնօրէնուհին ողջունեց ուսուցչական կազմին միացող նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:

Երրորդ առիթը ուսուցչական կազմը կը մէկտեղէ մանկավարժական արդի դաստիարակութեան  հասկացողութիւնը կիրարկելու թեմայով:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ 10 սեպտեմբեր 2015-ին, ժամը 9:00-ին, վարժարանիս սրահին մէջ: Օրուան բանախօսն էր դոկտ. Կարին Գալուստեան.  վերջինս շեշտեց ուսուցիչին ստեղծագործ ըլլալուն կարեւորութիւնը` հեռու ամէն տեսակ աւանդական համընթաց եւ նոյնանման դաստիարակութեան ձեւերէն ու միջոցներէն: Հակառակ անոր որ փոփոխութիւնը կրնայ դժուար ըլլալ, սակայն անհրաժեշտ է ու անխուսափելի` ստեղծագործ եւ փայլուն սերունդ  մը ունենալու համար, յարմարելով սրընթաց 21-րդ դարուն պահանջներուն: Մանկավարժ դոկտ. Գալուստեանը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց մանուկները լսելու, անոնց շարժուձեւերը տեսնելու, անոնց արարքներուն համբերելու եւ ծնողներուն համագործակցութեամբ դպրոցը սիրցնելու կարեւորութիւնը` միշտ ի մտի ունենալով, որ անոնք կարիքը ունին քաջալերանքի, բարձրացումի, գնահատանքի եւ ապահովութեան:

Բարի վերամուտ` մեր ապագայ ջահակիր սերունդին եւ նուիրեալ ուսուցչական կազմին:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Վերամուտ

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. 24 Տարեկան

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?